image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Զինամթերքի Օդային Թափումներ Սուրիոյ Մէջ Կռուող YPG-ին

Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Զինամթերքի Օդային Թափումներ Սուրիոյ Մէջ  Կռուող  YPG-ին

Սուրիա-  («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) «Տէյլի Սապահ» կը տեղեկացնէ,թէ  Միացեալ Նահանգներու օդային զինուժը յիսուն թոն զինանիւթ թափած է PKK-ի որդեգիր PYD-ին (տէմոքրաթիք միացեալ խմբաւորումի), Սուրիոյ հիւսիսային կողմի Հասաքէ նահանգին մէջ: 112 ծրարները կը պարունակէին M-16s եւ AK-47s տեսակի զինամթերք:Միացեալ Նահանգները իրականացուցած է  դաշնակից միացեալ զօրքերու պատկանող օդանաւով մը  զէնքերու  մատակարարումը:  Այս  մասին Բենթակոնի խօսնակ Ալիսա Սմիթ, ըսաւ    թէ  «Օդանաւի պարունակութիւնը թեթեւ զինամթերք է, որպէսզի վերամատակարարուին տեղական ուժերը, կարենալ շարունակելու իրենց գործողութիւնները ISIS-ի դէմ»: Սմիթ   նաեւ   յաւելեց,  թէ   "Յաջող" օդային թափումը կատարեց «ԱՄՆ-ի օդային ուժին պատկանող C-17 cargo օդանաւը, թռիչք կատարելով ԱՄՆ-ի կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածքին վրայէն»:Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին  թէ պիտի դադրեցնեն Սուրիական ընդդիմադրութեան մարզումի եւ սարքաւորման ծրագրին յատկացուած  500 միլիոն տոլար գումարը, փոխարէնը զէնքեր եւ սարքաւորումներու ծրարներ պիտի մատակարարեն տեղական ապստամբ  առաջնորդներուն եւ անոնց միաւորներուն Սուրիոյ մէջ ISIS-ի դէմ կռուելու  համար: