image

Միացեալ նահանգներ ամէն ինչի պատրաստ է յանուն խաղաղութեան. Նետ Փրայս

Միացեալ նահանգներ ամէն ինչի պատրաստ է յանուն խաղաղութեան. Նետ Փրայս

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ կայացած հանդիպման արդիւնքներուն:

Լրագրողը հետաքրքրուած է՝ արդեօք Սոչիի մէջ հանդիպումէն ետք ԱՄՆ-ի մօտ տպաւորութիւն կա՞յ, որ երկու կողմերն ալ դեռ շահագրգռուած են մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցով։

«Մենք հաւատարիմ ենք Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան եւ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն: Մենք կը կարծենք, թէ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է հարցերու լուծման եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար, որուն երկու երկիրներն ալ յայտարարած են, որ կը ձգտին: Մենք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի շարունակենք ներգրաւուած ըլլալ գործընթացին մէջ` դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկումները, երկկողմ, գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններու միջոցով», - ըսած է Փրայս:

Ան աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ն պիտի ընէ այն, ինչ ամենաօգտակարը կը համարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման համար։