image

«Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու». Զելենսքի

«Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու». Զելենսքի

Մենք պատրաստ ենք բանակցելու որեւէ ձեւաչափով։ Նոյնիսկ պատրաստ ենք խօսելու որեւէ նիւթի շուրջ, ներառեալ՝ մեզի համար զգայուն նիւթեր, յայտարարած է Վլատիմիր Զելենսքին։

«Վստահ եմ, որ կարգ մը նիւթեր նոյնիսկ արդարացի չէ քննարկման դնել, սակայն մենք պատրաստ ենք, որովհետեւ չեմ ուզեր այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ մենք կը դադրեցնենք բանակցային գործընթացը։ Սակայն մեզի անհրաժեշտ է Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը», նշած է Ուքրանիոյ նախագահը։