Նախօրօք գրած էինք այն մասին, որ մասնաւորապէս ամերիկահայութեան շրջանակներուն մօտ մեծ վրդովմունքով ընդունուած էր Լիլիթ Մակունցի դեսպան նշանակուելու որոշումը։
Նոյն առումով ալ առկայ վրդովմունքը կը շարունակուի։
Այս ծիրին մէջ անցնող օրերուն ընթացքին հրապարակ ելան հարցադրումներ, որոնք կ՚առչուէին Մակունցի վերջին գործունէութեանց հետ
Պահպանելով մեր ընթերցողներու մտահոգութիւնները հանրային հարթակ փոխադրելու արդար իրաւունքը ստորեւ շարադրած ենք կարգ մը հարցումներ, որոնք ուղղուած են տիկին Մակունցին յոյս ունենալով, որ այդ հարցադրումներուն պատասխանները կը տրուին ... բաւարարելով ամերիկահայ շրջանակներուն արդար մտահոգութիւնները։
Գլխաւոր հարցադրումը կապ ունի Լիլիթ Մակունցի ԱՄՆ նախագահին հետ հանդիպում ունենալու եւ իր հաւատարմագրերը ներկայացնելուն հետ։
Եւ այսպէս
Ա. ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանատան դիմատետրին վրայ նշուած է, որ դեսպանուհին ԱՄՆ նախագահին հետ հանդիպած է 15 սեպտեմբերին, մինչ լուրը հրապարակուած է 20 սեպտեմբերին։ Ի՞նչ է իրական պատճառը այդ ուշացումին։
Բ. Եթէ հաւատարմագրեր յանձնելու արարողութիւնը իրապէս կայացած է, ապա ուր է եւ ինչու տեղադրուած պատմական այդ պահը փաստագրող լուսանկարը։
Գ. Իրապէս ինչո՞ւ այս պահուածքը եւ իրականութեան մէջ, ինչ պատահած է։
Դ. Ինչո՞ւ Հայաստանի մամուլը այս մասին, ոչ մէկ տեղեկութիւն հրապարակած է։
Հարցերը կը շարունակեն մնալ աշխոյժ եւ տեղին ու այդ առումով ալ Ամերիկայի հայ հասարակութիւնը, մեծ անձկութեամբ կը սպասէ այս հարցումներու պատասխաններուն։