image

«Մեծն Եօթնեակ»ը պիտի քննարկէ Ռուսաստանի դէմ առնուելիք յառաջիկայ քայլերը

«Մեծն Եօթնեակ»ը  պիտի քննարկէ Ռուսաստանի դէմ առնուելիք յառաջիկայ  քայլերը

«Մեծ Եօթնեակի» անդամ երկիրներու առաջնորդները Կիրակի կայանալիք հանդիպման պիտի քննարկեն Ռուսաստանի դէմ նոր հնարաւոր պատժամիջոցները:

Հանդիպումը երկիրներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ որեւէ նոր միջոցներ համաձայնեցնել, ինչպէս ըսած է աղբիւրներէն մէկը: Կ'ակնկալուի, որ տեսաժողովին կը միանայ նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները կը պնդեն պատժամիջոցներու նոր փաթեթ սահմանել՝ Ռուսաստանի մէջ Մայիս 9-ին կայանալիք տօնական զօրահանդէսին ընդառաջ:

Քննարկումները սկսած են Եւրոմիութեան կողմէ պատժամիջոցներու վեցերորդ փաթեթը սահմանելու առաջարկի լոյսին տակ: ԵՄ պատժամիջոցային փաթեթը կ'ենթադրէ աստիճանական հրաժարում ռուսական նաւթի ներածումէն:  

Աղբիւրներուն խօսքով՝ ԱՄՆ-ն պիտի քննարկէ նաեւ քիմիական նիւթերու եւ մեքենաշինական ապրանքներու արտահանման վերահսկման առաւել խիստ կանոններու սահմանումը:  

ԵՄ-ն առաջարկած է նաեւ Սպերպանքը, Մոսկուայի վարկային դրամատունը եւ Ռոսսելխոզպանքը անջատել SWIFT միջազգային վճարային համակարգէն, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ սահմանել նախկին ողիմպիական մարմնամարզուհի Ալինա Գապաեւայի նկատմամբ, որ, ըստ ԵՄ փաստաթուղթերու, «սերտօրէն կապուած է» Վլատիմիր Փութինի հետ: