Օրերս ազգօգուտ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած է Մեծն Բրիտանիոյ Առաջնորդութիւնը գլխաւորութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ արք. Մանուկեանի։
Նախաձեռնութեան հիմքով բնիկ Արցախցի եւ Ստեփանակերտի բնակիչ Ռոպէրթ Մելքումեան ժամանած է Անգլիա եւ իր երաժշտական ուսումնառութիւնը պիտի շարունակէ Անգլիոյ մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ Ռոպէրթ անցեալ յուլիսին կարողացած էր դուրս գալ պաշարուած Արցախէն։
Նշելով երիտասարդին դրական յատկանիշները կը հաղորդուի նաեւ, որ ան պատրաստակամ է, ընկերային ու ու իր ուսումը շարունակելու միտուած նախաձեռնութեանը գիտակից։
Յաջողութեան խօսք մեր հայրենակիցին ու յաւելեալ ուժ եւ կորով սիրելի Սրբազանին։