image

Մեծ ուրախութեան աւետիսը. Վեր. Վահան Յ. Թութիկեան

Մեծ  ուրախութեան աւետիսը. Վեր. Վահան Յ. Թութիկեան

«Մի՛ վախնաք, վասնզի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ: Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ, որ օծեալ Տէր է» (Ղուկ. 2.10-11):

Ասկէ աւելի քան քսան դարեր առաջ, գիշեր մը Բեթղեհէմի դաշտերուն մէջ, երբ հովիւներ իրենց հօտերուն պահակութիւն կ՛ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Աստուծոյ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ: Բնականաբար հովիւները սաստիկ վախցան, որովհետեւ անսովոր, վախազդու եւ անբացատրելի տեսարանի մը ականատես կ՛ըլլային: Նմանօրինակ բան մը երբեք պատահած չէր իրենց կեանքին մէջ:

Սակայն, հրեշտակը հանդարտեցուց հովիւները, ըսելով. «Մի՛ վախնաք, ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Այսօր Դաւիթի քաղաքին (իմա Բեթղեհէմի) մէջ Փրկիչ մը ծնաւ, որ օծեալ Տէր է»:

Հաւանաբար հովիւներ լսած էին, որ Աստուած օր մը հրեայ ժողովուրդին Մեսիա մը պիտի ղրկէր` ազատագրելու զիրենք: Բայց հրեշտակը կը հաղորդէր, թէ ծնող մանուկը բոլոր մարդոց Փրկիչը պիտի ըլլայ:

Մեծ ուրախութեան աւետիսը այն էր, որ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան այդ չնաշխարհիկ օրը տիեզերքի Արարիչը երկինքէն երկիր կու գար, որպէսզի յեղաշրջէ համայն մարդկութեան պատմութիւնը եւ մարդոց  ճակատագիրը: Այո՛, Ս. Ծնունդի այդ գիշերը անցած դարերու վեհագոյն յոյսերը կ՛իրականանային, երբ Աստուած մուտք կը գործէր այս մոլորակին վրայ` Իր եւ մարդոց միջեւ խզուած յարաբերութիւնը վերահաստատելու եւ անոնց նոր կեանք պարգեւելու:

Այս աշխարհի մեծագոյն դժբախտութիւնը Աստուծմէ հեռու մնալու իրականութիւնն է: Ոչ մէկ հիւանդութիւն, ոչ մէկ չարչարանք, ցաւ ու տուայտանք այնչափ ահաւոր եւ քստմնելի է, որքան մեղքը, որ Աստուծմէ բաժնուելու եւ հեռանալու ահաւոր իրականութիւնն է: Անտարակոյս, մեղքը մարդկային ընկերութեան մեծագոյն անէծքն է, որ կը բաժնէ արարածը իր Արարիչէն: Ահա այդ պատճառով է, որ հրեշտակը կը յայտարարէ հովիւներուն. «Ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին պիտի ըլլայ»:

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը աշխարհի մեծագոյն հրաշքն է, որովհետեւ իր սուրբ ծնունդով Աստուած ինքզինք կը պարգեւէ համայն մարդկութեան: Յիսուս մանուկին ծնունդով Աստուած կ՛այցելէ մարդկութեան: Աստուած կը մարդանայ` իրմէ հեռացած մարդոց հետ բնակելու եւ անոնց վերստին ծնունդ տալու համար: Ասիկա կ՛ընէ, որովհետեւ Ան կը սիրէ մարդ արարածը անսահման սիրով:

Հովիւները, երբ այս մեծ ուրախութեան աւետիսը լսեցին, անմիջապէս գործի անցան: Իրարու ըսին. «Եկէ՛ք Բեթղեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց»: Անոնք անյապաղ Բեթղեհէմ գացին եւ փնտռելով գտան նորածին Արքան, Յիսուս Մանուկը եւ փառաբանեցին ու օրհնաբանեցին զԱստուած: Ուրախութեան լուրը պէտք է մղէ անհատը գործնական քայլ առնելու եւ ստուգելու ուրախութիւն պատճառող եղելութիւնը փնտռելու, գտնելու զայն եւ զԱստուած օրհնաբանելու:

Աւելի քան քսան դար ետք, բազմամիլիոն մարդիկ աշխարհի չորս ծագերուն ամէն տարի Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնեն առանց Յիսուս Մանուկը փնտռելու եւ գտնելու: Ծնունդ կը տօնեն առանց Ծնեալին: Անոնք կը մոռնան, թէ Ս. Ծնունդի տօնակատարութեանց մէջ  ամէնէն կարեւոր բանը Բեթղեհէմի Մանուկը ընդունիլն է իբրեւ Փրկիչ եւ զԱստուած փառաբանել եւ օրհնաբանել այս մեծ պարգեւին համար:

Արդ, եթէ կ՛ուզենք իսկական Ծնունդ մը տօնել, Աստուծոյ փառք պէտք է տանք Իր շնորհաբեր այցելութեան համար եւ մեր սրտերը վերածենք մէկական բեթղեհէմեան մսուրի` Իր միածին Որդին հիւրընկալելու համար եւ փառաբանութեան գոհունակ սրտով յայտարարելու`

 

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

 

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան 
Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի