image

Մեծ կորուստ Աւետարանական Համայնքին եւ Հայաստանին համար. Մահացած է Էտուարտ Աւետիսեանը

Մեծ կորուստ Աւետարանական Համայնքին  եւ Հայաստանին համար. Մահացած է Էտուարտ  Աւետիսեանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ  իր   մահկանացուն կնքած է   Ամերիկայի  Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան    (ԱՀԱԸ)  հոգաբարձուներու  խորհուրդի անդամ,  Երեւանի մէջ  բարձրացած՝ Աւետիսեան Վարժարանի  հիմնադիր  եւ  հիմնական բարերար  Էտուարտ Աւետիսեանը։

Այս  մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ԱՀԱԸ-ի ճամբով տարածուած   մահագրական  գիրէն, որուն հիմնական մասերը կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Հայոց ցեղասպանութիւն վերապրողներու զաւակ՝ Էտուարտ Աւետիսեան ծնած է 1937-ին Ռոտ Այլընտի Փոթաքեթ քաղաքը: Մեծցած է ներգաղթեալներու թաղամասը, ուր յաճախած է հանրակրթական դպրոց եւ եղած իր աւարտական դասարանի աւագ: Կրթութիւնը շարունակած է Պոսթընի համալսարանը՝ ստանալով կրթաթոշակ եւ աւարտած համալսարանը երաժշտութեան պսակաւոր, եւ այնուհետեւ մագիստրոս որակաւորումով:

Աւետիսեանի մասնագիտական ասպարէզը կ'ընդգրկէր տարբեր ոլորտներ՝ կատարող երաժիշտ, համալսարանի փրոֆեսոր, արուեստի կառավարիչ, ներդրող եւ բարերար: 

Պր. Աւետիսեան 35 տարի եղած է Պոսթընի ժողովրդական երաժշտութեան նուագախումբի անդամ, իսկ Պոսթընի պալետի նուագախումբին հետ համագործակցած է 43 համերգաշրջան, որպէս քլարինեթահար: 

Ան հանդէս եկած է նաեւ Միացեալ Նահանգներէն դուրս՝ որպէս Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի մենակատար, համագործակցած է Հայաստանի ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան պետական նուագախումբի եւ Հայաստանի ազգային սենեկային նուագախումբին հետ։ Հանդէս եկած է նաեւ որպէս այցելու արուեստագէտ՝ Պոսթընի քոյր քաղաք՝ Չինաստանի Հանչժոուի մէջ:

1998-ին, Էտուարտ եւ Փամելա Աւետիսեանները Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա թաղամասին մէջ հիմնեցին Աւետիսեան դպրոցը, որ գործարկուեցաւ Ամերիկայի  Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան    (ԱՀԱԸ-AMAA) միջոցով, որպէս անվճար մանկապարտէզ՝ կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն համար: Նախակրթարանէն մինչեւ 12-րդ դասարաններ ունեցող դպրոցի ներկայի շէնքը, որ պաշտօնապէս բացուած է 1 սեպտեմբեր, 2014-ին, առաջինն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ ստացած է արծաթէ LEED վկայական, նաեւ արժանացած LEED Earth կոչման: Դպրոցը պր. Աւետիսեանի երազանքն էր եւ յարգանքի տուրքը ցեղասպանութիւնը վերապրող իր ծնողներուն՝ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններուն, որոնք  չափազանց բարձր գնահատած են կրթութիւնը։ Այն կենդանի ժառանգութիւն է, կրթելու յաջորդ սերունդները միջավայրի մը մէջ, ուր սիրոյ, յարգանքի, ծառայութեան, ազնուութեան եւ աշխատասիրութեան միջոցով կը ձեւաւորուի ու կը խթանուի ուսման հանդէպ սէրը:

Էտուարտի բարեգործութիւնը հսկայական էր, ունէր խոր արմատներ եւ կը ծառայէր Ատլանտեան ովկիանոսի երկու կողմերը գտնուող երկիրներուն: Անոր բազմաթիւ ներդրումներով Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած են բարեգործական տարբեր ծրագիրներ, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նոր մասնաշէնքը, Ծիծեռնակաբերդի Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրը, Նորք Մարաշի մանկական սրտաբանական հիւանդանոցը, հիմնանորոգուած է Յաղթանակ գիւղի դպրոցը։ ՀՀ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան Էտուարտ Աւետիսեանը երկու անգամ պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ծառայութեան եւ մարդասիրութեան անոր ակնառու նուիրուածութիւնը գնահատուած է 2016 թուականին, երբ ան պարգեւատրուած է Էլիս Այլընտի Պատուոյ շքանշանով: 2017-ին, անոր հանգուցեալ եղբօր՝ Փարամազ Աւետիսեանի յիշատակին Ռոտ Այլընտի համալսարանի դեղագործական քոլեճը (URI) ստացաւ պարգեւ մը, որ կը մարմնաւորէր լաւագոյն կրթաթոշակները։ Իմանալով Էտուարտի ձեռքբերումներն ու քաղաքացիական արժէքները՝ Ռոտ Այլընտի համալսարանի դեղագործական քոլեճը 2019 թուականին անոր շնորհեց պատուաւոր դոկտորի կոչում: Էտուարտը նաեւ եղած է Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային միութեան (NAASR) խորհուրդի անդամ: Ինքն ու կինը՝ Փամելան, հովանաւորած են նաեւ այդ կազմակերպութեան նորակառոյց կեդրոնակայանը, որ բացուած է 2019 թուականին եւ կոչուած ոչ թէ իրենց, այլ աշխարհի ամենանշանաւոր մտաւորականներէն մէկուն՝ Վարդան Գրիգորեանի անունով։ 2022 թուականի յունուարին, Ռոտ Այլընտ քոլեճը նուիրատուութիւն ստացաւ Էտուարտի քրոջ՝ Զուարթ Օնանեանի յիշատակին, անոր պատուոյն անուանակոչելով Բուժքոյրական քոլեճը։ 2022 թուականի սեպտեմբերին, նուէր փոխանցուեցաւ Պոսթընի համալսարանին (BU)՝ աջակցելու կրթաթոշակներուն, օժտուած փրոֆեսոր դասախօսներ կազմ ունեցող ամպիոններուն եւ առաջադէմ հետազօտութիւններուն ու դասաւանդման: Այս նուիրատւութեամբ բժշկական համալսարանը վերանուանուեցաւ «Արամ Վ. Չոբանեանի եւ Էտուարտ Աւետիսեանի անուան բժշկական համալսարան»: Անոր նուիրատւութիւնները չեն սահմանափակուիր նշուածներով, սակայն կը վկայեն Էտուարտի տեսլականի եւ նուիրուածութեան մասին՝ որակեալ կրթութիւնը հասանելի դարձնելու եւ աշխարհը ապագայ սերունդներու համար աւելի լաւ դարձնելու համար: