Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւնները նշանակալի քայլ էին պատերազմի աւարտի եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Այս մասին ընկերային իր էջերուն մէջ գրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։ Ան բարձր գնահատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի եւ եւրոպացի առաջնորդներու հետ կայացած բանակցութիւնները։
«Երէկ Ուաշինկթընի մէջ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահի եւ եւրոպացի առաջնորդներու հետ։ Սա իսկապէս նշանակալի քայլ էր՝ ուղղուած պատերազմի աւարտին եւ Ուքրանիոյ ու մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման», – նշած է Զելենսքին։
Նախագահի խօսքով՝ կողմերն արդէն անցած են անվտանգութեան երաշխիքներու յստակ բովանդակութեան մշակման աշխատանքներուն։
«Այսօր մենք կը շարունակենք համակարգումը առաջնորդներու մակարդակով։ Տեղի պիտի ունենան քննարկումներ, եւ մենք կը պատրաստենք համապատասխան ձեւաչափերը», –աւելցուցած է ան։
Զելենսքին ընդգծած է, որ աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ վաղը, իսկ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականները կը գտնուին մշտական կապի մէջ։
«Անվտանգութեան երաշխիքներ պիտի ըլլան», – վստահեցուցած է Ուքրանիոյ ղեկավարը։
Իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր գործընկերներուն՝ վճռականութեան եւ աջակցութեան համար։
«Ուքրանիան կը զգայ այս ուժը։ Եւ մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որ խաղաղութեան տանող ճանապարհը դառնայ իրականութիւն՝ գործընկերութեան, անվտանգութեան երաշխիքներու եւ ուքրանացի ժողովուրդի քաջութեան շնորհիւ»։