Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, մեծ էր թիւը այն սուրիացիներուն, որոնք փորձեցին զանազան ձեւերով մուտք գործել Եւրոպա ու ապաստան գտնել այնտեղ եւ սակայն ոչ բոլորը յաջողեցան եւ նոյնիսկ շատեր ունեցան դժբախտ ճակատագիր:
Օրերս Հունգարիոյ մէջ ինքնաշարժի արկած մը կը խլէ Սուրիոյ Հասիչէ նահանգէն 7 սուրիացիներու կեանք, որ իրենց ճամբուն էին դէպի Գերմանիա փախստական կարգավիճակ ստանալու նպատակով:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ համացանցէն:
Նշուած է թէ արկածի հետեւանքով մահացած են 7 երիտասարդներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ պատանի մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են 3 ուրիշներ, ներառեալ ինքնաշարժի սերպ վարորդը, եւ անոնց վիճակը ծարայեղ ծանր է:
Աղբիւրը նշած է, թէ Հունկարիա-Սերպիա սահմանին վրայ փախստականներով լեցուն ինքնաշարժը հալածուած է հունկարական ոստիկանութեան կողմէ, եւ երբ ոստիկանութիւնը փորձած է փակել ինքնաշարժին ճանապարհը, վերջինս սահած է, շեղած ճանապարհէն, ու զարնուած մայթին, ապա անկիւնը գտնուոող խանութին։ Ոստիկանութիւնը վիրաւորները անմիջապէս փոխադրած է հիւանդանոց, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած մահացողները յուղարկաւորել քաղաքի գերեզմանոցին մէջ: