Զանգեզուրի Պղնձամոլիպտենային ընկերութիւնը հանքարդիւնահանման ոլորտին մէջ կ՚աշխատի շուրջ 70 տարիէ ի վեր: Այսօր այն կը համարուի ոլորտի առաջատարը, եւ առաջիններէն մէկն է, որ որդեգրած է կայուն զարգացման գաղափարը: Կայուն զարգացումը ներկայ սերունդի պահանջները բաւարարելով՝ յաջորդ սերունդներու կարիքներուն համար հնարաւորութիւններ ստեղծելու լայնածաւալ գաղափար մըն է, որու իրականացման ուղղուած է Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային ընկերութեան ռազամավարութեան հիմնական մասը: Ընկերութիւնը կը գիտակցի, որ կայուն զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրագործումը կը յանգի իրական եւ շօշափելի արդիւնքներու, որոնցմէ կ՚օգտուին թէ՛ ընկերութիւնը, թէ՛ բոլոր շահագրգիռ կողմերը, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ կտրուածքով թոյլ կու տայ հասնելու համայնքի եւ երկրի տնտեսական զարգացման նպատակներուն:
Ի՞նչ կ՚արդիւնահանէ եւ կը վերամշակէ ընկերութիւնը:
Ընկերութիւնը կ՚արդիւնահանէ եւ կը վերամշակէ արճիճաքար (Molybdenum) եւ պղինձի հանքաքար, որու վերամշակումէն կը ստացուին երկու առանձին` պղինձի եւ արճիճաքարի խտանիւթեր:
Մոլիպտենէն ստացուող թթուիտը (oxide) եւ երկաթային արճճաքարը (ferromolybdenum) հիմնականին կ՚օգտագործուին պողպատաձուլման մէջ` որպէս ուժեղացնող, ջերմակայունացնող եւ հակաքայքայումի (հակակորոզիոն) բաղադրիչներ:
Պղինձն այսօր աշխարհի մէջ ամենաօգտագործուող եւ ամենատարածուած մետաղներէն մէկն է, որ լայնօրէն կ՚օգտագործուի արդիւնաբերական արտադրութեան մէջ:
Արճիճաքար
Արճիճաքարը մետաղական տարր է, որ մեծ մասամբ կ՚օգտագործուի պողպատի եւ այլ մետաղներու հետ համաձուլուածքներուն մէջ: Այն կը բարձրացնէ մետաղներու ամրութիւնը, ջերմակայունութիւնը, եւ կը պաշտպանէ քայքայումէն եւ այլն:
Արճիճաքարը լայնօրէն կ՚օգտագործուի յատուկ համաձուլուածքներու, քսաիւղերու, տարրաբանական (քիմիական) նիւթերու եւ ելեկտրական սարքաւորումներու արտադրութեան մէջ: Այն իր կիրառութիւնը գտած է պողպատէն պատրաստուած շատ արտադրանքներու մէջ` սկսեալ գերարագ գայլիկոնիչներէն ու սղոցներէն մինչեւ նաւթային եւ կազային խողովակաշարերը:
Արճիճաքարային տարրաբանական նիւթերը (chemicals) իրենց կիրառութիւնը գտած են, որպէս քսաիւղեր, ջրամաքրման համար անհրաժեշտ յաւելումներ, նաւթավերամշակման համար ներազդող նիւթեր (catalysis) եւ սկզբնական նիւթ` մաքուր արճիճաքար ստանալու համար: Մաքուր արճիճաքարային փոշին կ՚օգտագործուի լուսային եւ ելեկտրական սարքաւորումներու եւ յատուկ պողպատային ձուլուածքներու մէջ:
Արճիճաքարի առաւել արժէքաւոր յատկութիւններէն մէկը այն է, որ, ի տարբերութիւն այլ ծանր մետաղներու, անոր համակցութիւնները քիչ թունաւոր են: Այս յատկութիւնը արճիճաքարը առանձնապէս կը դարձնէ յարմար համաձուլուածքային մետաղ` դեղագործական, սնունդի եւ տարրաբանական արդիւնաբերութիւններու մէջ օգտագործուող տարողութիւններու արտադրութեան համար, կ՚օգտագործուի նաեւ դեղագործութեան մէջ:
Արճիճաքարի պահանջարկը մեծապէս կախեալ է պողպատի համաշխարհային արտադրութենէն, վերջինիս ծաւալներու 80%-ը կ՚իրացուի պողպատի արտադրութեան համար:
Պղինձ
Առաջին անգամ պղինձը մարդու կողմէ օգտագործուած է աւելի քան 10000 տարի առաջ եւ այսօր աշխարհի ամենաօգտագործուող եւ ամենատարածուած մետաղներէն մէկն է: Այն միջազգայնօրէն վաճառուող հումք է, եւ անոր գինը կ՚որոշուի մետաղներու գլխաւոր սակարաններուն մէջ, ինչպիսիք են` Լոնտոնի մետաղներու սակարանը (LME), Նիւ Եորքի հումքային սակարանը (COMEX) եւ Շանկհայի ապագայական հիմունքներու սակարանը (Shanghai Futures Exchange SHFE): Այս սակարաններուն մէջ գիները սովորաբար կ՚որոշուին մետաղի նկատմամբ համաշխարհային առաջարկով ու պահանջարկով, սակայն ժամանակ առ ժամանակ անոնց վրայ զգալիօրէն կ՚ազդեն ներդրումային հոսքերը եւ տարադրամներու փոխարժէքները:
Պղինձի կարեւոր ֆիզիքական յատկութիւններէն են բարձր ելեկտրական հաղորդականութիւնը, բարձր հակաքայքայումը, դիմացկունութիւնը, արդիւնաւէտ ջերմահաղորդականութիւնը եւ տեսքը: Պղինձին մրցակից նիւթերն են բնապաղլեղը (aluminium) կերպընկալը (plastic), չժանգոտող պողպատը, մանրաթելային տեսագիտութիւնը (optic):
Չնայած վերջին ժամանակներուն պղինձի գիներու աճին, մրցակից նիւթերու կողմէ փոխարինում առանձնապէս տեղի չունեցաւ, քանի որ դժուար է կրկնել պղինձի իւրայատկութիւնները:
Պղինձի սպառումը անմիջականօրէն կապուած է արդիւնաբերական արտադրութեան հետ եւ այդ պատճառով միտում ունի հետեւելու տնտեսական շրջանառութեան: Որպէս հետեւանք` պղինձի գիները անկայուն են եւ շրջանառական:
Նիւթը պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը