image

Մեսրոպեանի նախկին սան, յայտնի իրաւապաշտպան Մահա Մամօ այցելեց հարազատ վարժարան

Մեսրոպեանի նախկին սան, յայտնի իրաւապաշտպան Մահա Մամօ այցելեց հարազատ վարժարան

 

 

Նոյեմբեր 25-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները յիշարժան հանդիպում մը ունեցան վարժարանի նախկին սանուհի, մարդու իրաւունքներու միջազգային պաշտպան Մահա Մամոյի հետ, որ այս օրերուն աշխատանքային այցով մը կը գտնուի Լիբանան:

Մահա Մամօ գլխաւորաբար կը պայքարի քաղաքացիութիւն չունեցող մարդոց իրաւունքներուն համար ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան ինքը մինչեւ երեսուն տարեկանը քաղաքացիութիւն չէ ունեցած եւ այդ պատճառով ենթարկուած է բազմաթիւ զրկանքներու: Միայն 2018-ին էր, որ հետեւողական պայքարի եւ անդուլ ջանքերու արդիւնքով, Մահա ի վերջոյ ստացաւ քաղաքացիութիւն՝ Պրազիլիոյ կառավարութենէն: Ներկայիս ան մեծ ճանաչում ունեցող իրաւապաշտպան մըն է, քաղաքացիութենէ զրկուած մարդոց օգնութեան անխոնջ պայքարող մը եւ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու գործակալութեան (UNHCR) #IBELONG արշաւի յայտնի դէմքը` աշխարհահռչակ դերասանուհի Քեյթ Պլանշեթի կողքին:

Մահա անցած չորս տարիներուն բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է մեծ ընկերութիւններու, դպրոցներու եւ համալսարաններու, մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութիւններու եւ կառավարութիւններու համար նախատեսուած սեմինարներու ժամանակ: Ան հարցազրոյցներ տուած է բազմաթիւ լրատուամիջոցներու, իր մասին կատարուած են բազմաթիւ հրապարակումներ:

Մեսրոպեանի աշակերտներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, Մահա պատմեց որպէս քաղաքացիութենէ զրկուած անձ իր փորձառութեան եւ այն բոլոր դժուարութիւններուն մասին, որոնցմէ ան անցաւ մինչեւ քաղաքացիութիւն մը ձեռք բերելը: Ան նաեւ ներկայացուց աշխարհի մէջ այդ նոյն վիճակին մէջ գտնուող մարդոց կացութիւնը եւ այն աշխատանքները, որ կը տարուին լուծելու համար անոնց խնդիրները: Ոգեւորիչ իր խօսքով, Մահա աշակերտներուն փոխանցեց աշխատասիրութեան, կամքի, հետեւողականութեան եւ հաստատամտութեան պատգամները, որոնք զինք յառաջ մղած են ինչպէս քաղաքացիութիւն ստանալու պայքարին, այնպէս ալ իր ներկայ գործունէութեան մէջ:

Մահա Մամոյի ներկայութիւնը յուզիչ եղաւ բոլորին համար: Մեսրոպեան վարժարանը հանդիսացած էր այն հաստատութիւնը, որ իր հովանիին տակ առած էր Մամօ ընտանիքին զաւակները, ապահովելու համար անոնց կրթութիւնը՝ քաղաքացիութենէ զուրկ վիճակին մէջ: Մահա հանդիպեցաւ Մեսրոպեանի մէջ իր նախկին ուսուցիչներուն եւ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ այն բոլոր նորութիւններուն, որոնք իրականացուած են դպրոցին մէջ անցած տարիներուն: