image

«Մեր վիճակը փակուղային է». Ուքրան զօրահրամանատար

«Մեր վիճակը փակուղային է». Ուքրան զօրահրամանատար

Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Վալերի Զալուժնին ճշմարտութիւնն ըսած է, երբ The Economist-ին տուած հարցազրոյցին ան Ռուսիոյ հետ պատերազմին առկայ իրավիճակը որակած է որպէս փակուղի։ Նման գնահատական տուած է Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոն  զուիցերական 20 Minuten առցանց հրատարակութեան տուած հարցազրոյցին։

Պատասխանելով այն հարցին, թէ Զալուժնին սխալա՞ծ է՝ պատերազմի իրավիճակը գնահատելով փակուղային, Քլիչքոն նշած է. «Ո՛չ: Ան ըսած է ճշմարտութիւնը: Երբեմն մարդիկ չեն ուզեր լսել ճշմարտութիւնը: Բայց ի վերջոյ ան (Զալուժնին) պատասխանատու է: Ան բացատրեց եւ հիմնաւորեց, թէ ինչ իրավիճակ է այսօր: Ի հարկէ, մենք կրնանք բերկրանքի մէջ ստել մեր ժողովուրդին եւ մեր գործընկերներուն: Բայց Մենք չենք կրնար այդ ընել յաւերժ: Մեր որոշ քաղաքական գործիչներ քննադատած են Զալուժնիին այս յստակ խօսքերու համար, սակայն այդ անարդար է: Ես անոր կողմէն եմ»:

Միեւնոյն ժամանակ Քլիչքոն նշած է, որ իրեն չի զարմացներ երկրի ղեկավար Վլատիմիր Զելենսքիի վարկանիշի անկումը։

«Մարդիկ կը տեսնեն, թէ ով է արդիւնաւէտ, ով`ոչ: Սպասումներ կային եւ կան: Զելենսքին կը վճարէ իր թոյլ տուած սխալներու համար», -ըսած է Քլիչքոն:

Լրագրողի խնդրանքով պարզաբանելով, թէ Զելենսքիի ինչ սխալներու մասին կը խօսուի՝ Քլիչքոն նշած է. «Մարդիկ կը զարմանան, թէ ինչու մենք աւելի լաւ պատրաստ չէինք այս պատերազմին։ Ինչո՞ւ Զելենսքին մինչեւ վերջին վայրկեան կը հերքէր, որ բանը կը հասնի պատերազմին։ Ինչպէ՞ս եղաւ, որ ռուսերն այդքան արագ հասան Քիեւ»։