Մեր Նպատակին Հասնելու Համար. Գրեց՝ Արժ. Տ. Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Մեր Նպատակին Հասնելու Համար. Գրեց՝ Արժ. Տ. Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Խելք կայ, միտք կայ, գիտութիւն կայ եւ նկարագիր կայ։

Խելքը առանց իմաստութեան, միտքը առանց պայծառութեան, գիտութիւնը առանց դաստիարակութեան եւ նկարագիրը առանց առաքինութեան փաստացի տուեալ է ներքին դատարկութեան։

Աչք կայ, ականջ կայ, խիղճ կայ եւ ժամանակ կայ։

Աչքը առանց հեռատեսութեան, ականջը առանց դատողութեան, խիղճը առանց արդարութեան եւ ժամանակը առանց ծրագրաւորման պատճառն է յարատեւ ձախողութեան։

Հոգի կայ, կեանք կայ, առօրեայ կայ եւ օրեր կան։

հոգին առանց ջերմեռանդութեան, կեանքը առանց առաքելութեան, առօրեան առանց ծառայութեան եւ օրերը առանց աշխատասիրութեան կը պարզեն իրավիճակը անտարբերութեան։

Խօսք կայ, ձայն կայ, եղանակ կայ եւ երգ կայ։

Խօսքը առանց խորքի, ձայնը առանց ոճի, եղանակը առանց ելեւէջի եւ  երգը առանց պատգամի հոմանիշ է անհեթեթութեան։

Փափաք կայ, երազ կայ, ձգտում կայ եւ նպատակ կայ։

Փափաքը առանց կամքի, երազը առանց ճիգի, ձգտումը առանց պայքարի եւ նպատակը առանց ուղիի ապացոյց է գաղափարի խեղճութեան։

Ձեռք կայ, երես կայ, յիշողութիւն կայ եւ ներաշխարհ կայ։

Ձեռքը առանց բարութեան, դէմքը առանց զուարթութեան, յիշողութիւնը առանց թարմութեան եւ ներաշխարհը առանց պարզութեան պատկեր է բարոյական աղքատութեան։

Հաւատք կայ, յոյս կայ, սէր կայ եւ ուխտ կայ ։

Հաւատքը առանց հնազանդութեան, յոյսը առանց մխիթարութեան, սէրը առանց զոհողութեան եւ ուխտը առանց հաւատարմութեան նշան է հոգեւոր սնանկութեան։

Պատմութիւն կայ, մշակոյթ կայ, տօն կայ եւ թեմայ կայ։

Պատմութիւնը առանց դասի, մշակոյթը առանց ժառանգորդի, տօնը առանց համախմբումի եւ թեման առանց քննարկումի կը դատապարտուի մոռացութեան։

 

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...