Մենք շատ զգայուն վերաբերմունք ունինք կովկասեան տարածաշրջանին նկատմամբ, յատկապէս` Հարաւային Կովկասի, որ մեր սահմանի ամենազգայուն հատուածներէն մէկն է։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան առաջնորդի` միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Ուիլայաթին։
«Կովկասի մէջ մեր հարեւան երկիրներու սահմանները անվտանգութեան ազդեցութիւն ունին մեզի համար, այսինքն՝ մենք չենք ընդունիր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն։ Նախկին եւ ներկայ փորձը ցոյց տուած է, որ եթէ երկիրներու սահմանները փոխուին, ճգնաժամի օճախ կը ստեղծուի, եւ յայտնի չէ, թէ այդ ինչով կ'աւարտի։ Կարեւոր պահն այն է, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը մեզի հետ ընդհանուր սահման ունին։ Մենք թոյլ չենք տար, որ սահմանները փոխուին եւ այնտեղ այնպիսի երկրներ հաստատուին, որոնք իրենց բնոյթով յարձակողական են, ինչպիսին ԱՄՆ-ն է», ըսած է Ուիլայաթին։