image

Պոլիս. Անդան Էօզէրի բանաստեղծութիւնները՝ թրքերէն լեզուով

Պոլիս. Անդան Էօզէրի  բանաստեղծութիւնները՝  թրքերէն լեզուով

Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան ինքնատիպ դէմքերէն Անդան Էօզէրի ստեղծագործութիւնը թրքերէն լեզուով ընթերցողին կը ներկայացուի նոր հրատարակութեամբ։ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է բանաստեղծին «Մենութիւն» խորագրով ընտրանին՝ Յովհաննէս Շաշքալի թարգմանութեամբ։

Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան ինքնատիպ դէմքերէն Անդան Էօզէր դարձեալ կը ներկայանայ ընթերցողին։ Արդարեւ, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց անոր «Մենութիւն» (Եալնըզլըք) խորագրով բանաստեղծական ընտրանին, որ այս պարունակով առաջին անգամ կը ներկայացուի թրքերէն ընթերցողին՝ Յովհաննէս Շաշքալի բծախնդիր թարգմանութեան շնորհիւ։

«Արաս»ի այս նոր հատորը թարգմանական աշխատանքի ծնունդ՝ մշակութային արժէքաւոր նախաձեռնութիւն մըն է որ ընթերցողին հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու պոլսահայ գրականութեան համեստ, բայց ինքնատիպ վարպետներէն մէկուն ստեղծագործական ժառանգութեան։

Հատորը կը բացայայտէ Անդան Էօզէրի բանաստեղծական հարուստ աշխարհը, ուր առօրեայի ամենահասարակ դրուագները տողերու ընդմէջէն վերածուած են կեանքի, մենութեան, աղքատութեան, անարդարութեան, յիշողութեան եւ գոյութեան խոր իմաստներուն շուրջ խորհրդածութիւններու։ Բանաստեղծը իր պարզ, զուսպ, բայց խորաթափանց լեզուով ու յատկապէս ընտրուած բառերով կամ բառակապակցութիւններով կը յաջողի արտայայտել մեծ զգացումներ եւ համամարդկային ճշմարտութիւններ։

Անդան Էօզէր, ծնած՝ 1927ին, պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ան Զահրատի բացած ուղին շարունակելով, ստեղծած է իրեն յատուկ բանաստեղծական լեզու մը, ուր «հիւմըր»ը երբեք միայն ժպիտ արթնցնելու միջոց չէ, այլ կեանքի հակասութիւնները բացայայտող արտայայտչաձեւ։

Թարգմանիչ Յովհաննէս Շաշքալ, ստորագրելով գրքի վերջաբանը, կը գրէ թէ Անդան Էօզէրի համար «բանաստեղծութիւնը կեանքի փիլիսոփայական մեկնութիւնն է»։ Ըստ Շաշքալին, բանաստեղծը կը գտնէ մարդը կեանքին կապող այն պարզ ուրախութիւնը, որ կը շարունակէ գոյատեւել նոյնիսկ տառապանքի եւ դժուարութիւններու մէջ։ Յիշեցնենք որ Անդան Էօզէրի առաջին բանաստեղծական ժողովածուն լոյս տեսած էր 1953ին, իսկ «Մենութիւն» խորագրով իր երկրորդ գիրքը՝ 1984ին։ Բացի բանաստեղծութենէն, ան հեղինակած է պատմուածքներ եւ թատերգութիւններ, որոնցմէ շատերը նախ լոյս տեսած են պոլսահայ մամուլի, մեծաւ մասամբ «Մարմարա»ի գրական-գեղարուեստական էջերուն վրայ, ապա հրատարակուած՝ անջատ հատորներով։