image

«Մենք հաւաստիացումներ կ՚ուզենք Երեւանէն».Փեսքով արտայայտուած է Փութինի Երեւան այցելութեան եւ «Հռոմի ստատուտ»ի փոխառնչութեան մասին

 «Մենք հաւաստիացումներ կ՚ուզենք Երեւանէն».Փեսքով արտայայտուած է Փութինի Երեւան այցելութեան եւ «Հռոմի ստատուտ»ի փոխառնչութեան մասին

Ռուսիան Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան հնարաւոր այցէն առաջ պէտք է որոշակի հաւաստիացումներ ունենայ հայ գործընկերներէն՝ Միջազգային քրէական դատարանին միանալու հետ կապուած, այդ հարցը պէտք է լուծել, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։

«Մենք արդէն ըսած ենք, որ, անշուշտ, նոր իրողութիւնը՝ կապուած միջազգային «ստատուտ»ին Հայաստանի միանալու հետ, ի հարկէ, չի կրնար չունենալ բացասական ազդեցութիւն մեր երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ։ Ի հարկէ, այստեղ շատ կարեւոր է ստանալ մեր հայ գործընկերներու որոշակի հաւաստիացումները։ Այդ հարցը դեռ պէտք է լուծուի երկկողմ երկխօղութեան շրջածիրէն ներս, ինչին ալ մենք տրամադրուած ենք»,- ըսած է Փեսքովը լրագրողներուն։

Հայաստանը փետրուար 1-էն պաշտօնապէս դարձած է Միջազգային քրէական դատարանի անդամ 2023-ի հոկտեմբերի սկիզբը Միջազգային քրէական դատարանի «Հռոմի ստատուտ»ի վաւերացումէն ետք։ Ռուսական կողմը քանիցս յայտնած է, որ հաւանութիւն չի տար փաստաթուղթը վաւերացնելու Երեւանի ծրագրերուն։