image

«Մենք Ատրպէյճանի հետ սահմանային խնդիր չունինք». Իրանեան բանակի Գլխաւոր շտաբի պետ

«Մենք Ատրպէյճանի հետ սահմանային խնդիր չունինք». Իրանեան բանակի Գլխաւոր շտաբի պետ
Բարեբախտաբար, մեր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ կը զարգանան, եւ մենք այդ երկրի հետ որեւէ սահմանային կամ անվտանգային խնդիր չունինք: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետ Մոհամատ Պաղերին։

Իրանցի զինուորականի այս յայտարարութիւնը հնչած է երկրի բանակային հրամանատարութեան՝ Ատրպէյճանին սահմանակից շրջաններ կատարած այցի աւարտին․

«Փառք Աստուծոյ, մեր երկու երկիրներու տնտեսական կապերը օրէ օր աւելի կը զարգանան եւ կը խորանան։ Իսկ մեր այցերը սահման պարբերական, ամէնամեայ բնոյթ կը կրեն», - յայտարարած է զօրավար Պաղերին։

Ատոր հետ մէկտեղ՝ Իրանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետն ընդունած է, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով սահմանապահներէ բացի նաեւ բանակային ստորաբաժանումներ տեղակայուած են։

«Այս ուժերն այստեղ են մեր սիրելի երկրի սահմանները պաշտպանելու նպատակով», -յայտարարած է Մոհամատ Պաղերին։