ԱՄՆ ծերակուտական Պոպ Մենենտեզ պահանջած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութենէն եւ Պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ զեկոյց ներկայացնել Թուրքիոյ կողմէ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու արտահանման մասին։
Պոպ Մենենտեզ որպէս օրինակ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականին Արցախի դէմ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումը։