image
Հրատապ լուրեր:

Մեկնարկած է Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի առանձնազրոյցը

Մեկնարկած է Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի առանձնազրոյցը

ՀՀ ԱԳ նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արա Այվազեանը եւ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը միասին ժամանած են Հայաստանի ԱԳՆ: Այս մասին յայտնած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

«Մեկնարկեց ՀՀ ԱԳ նախարարի պ․կ Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի առանձնազրոյցը»,-նշած է ան:

 

Յիշեցնենք,  որ  Լաւրով  Երեւան հասած էր երէկ երեկոյ: Անոր Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորած է ՀՀ ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը։

 

Նշենք, որ Սերկէյ Լաւրովը  աշխատանքային այցով Հայաստան պիտի ըլլայ 5-6 մայիսին: Ան պիտի հանդիպի ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ, բանակցութիւններ պիտի վարէ արտաքին գործոց պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հետ: