Երեւանի մէջ մեկնարկած է ՀՀ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի առանձնազրոյցը։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարն իր աշխատանքային այցը սկսած է «Մայր Հայաստան» յուշարձանի անմար կրակի մօտ ծաղկեպսակ դնելով։
Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան աւելի վաղ նշած է՝ Լաւրովի հայաստանեան այցի ընթացքին կ՚ակնկալուի, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին պիտի ընդունին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը: