image

Մեղադրանք՝ հայկական դիրքերու վրայ ԱԹՍ կիրառելու մէջ կասկածուող իսրայէլեան ընկերութեան

Մեղադրանք՝ հայկական դիրքերու վրայ ԱԹՍ կիրառելու մէջ կասկածուող իսրայէլեան ընկերութեան

Անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեամբ զբաղող իսրայէլեան Aeronautics ընկերութեան ու անոր երեք աւագ աշխատակիցներուն մեղադրանք առաջադրուած է, քանի որ անոնք խախտած են պաշտպանողական արտադրանքի արտահանումը կարգաւորող օրէնքը: Այս ընկերութիւնն էր, որ 2017 թուականին յայտնուած էր գայթակղութեան կեդրոնին, երբ պարզուած էր, որ Aeronautics-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները Ատրպէյճանի պահանջով իրենց արտադրած ԱԹՍ-ները այդ երկրին վաճառելէ առաջ զանոնք փորձարկած էին Արցախի մէջ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան դատարանի կողմէ կայացուած որոշումը թոյլ չի տար այլ մանրամասներ հաղորդել գործին վերաբերեալ:

Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին ընկերութեան դէմ հետաքննութիւն կը կատարուէր: