27 Օգոստոսին, տեղական ժամանակով ժամը 02:29-ին ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.15⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.04⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Հայաստան` Մարտունի քաղաքէն 23 քմ արեւմուտք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Ինչպէս կը տեղեկանեն է ԱԻՆ–էն, կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4-5 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի եւ Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքներուն մէջ` 3 աստիճան, Երեւան քաղաքի մէջ՝ 2 աստիճան ուժգնութեամբ: