image
Հրատապ լուրեր:

«Մարտադաշտին վրայ անհնար է մեզ յաղթելը». Վ. Փութին

«Մարտադաշտին վրայ անհնար է մեզ յաղթելը». Վ. Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Դաշնային ժողովին ուղղուած ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ անցեալ դարու 30-ական թուականներուն Գերմանիոյ մէջ նացիստներու համար Արեւմուտքը գործնականօրէն բացաւ իշխանութեան ճանապարհը, իսկ մեր ժամանակներուն անոնք «հակառուսաստան» ստեղծած են Ուքրանիոյ մէջ։

«Եւ այդ ամէնը մէկ նպատակով՝ տարածքներ փրցնել մեր երկրէն», -ըսած է ան։

Ըստ Ռուսիոյ նախագահի՝ արեւմտեան քաղաքական գործիչներուն չի հետաքրքրեր, թէ որու վրայ խաղադրոյք կը կատարեն Ռուսիոյ դէմ պայքարին, կարեւորը՝ կատարեն իրենց կամքը:

««Հակառուսաստան» նախագիծը Արեւմուտքի վրէժխնդրութեան քաղաքականութեան մէկ մասն է. գաղափարը մէկն է՝ Եւրոպայի մէջ պատերազմ հրահրել ուրիշի ձեռքերով... Մենք Ուքրանիոյ ժողովուրդի հետ պատերազմի մէջ չենք, անոնք իրենք դարձած են Քիեւի ռեժիմի պատանդը»,-ըսած է Փութին։

Խօսելով Արեւմուտքի կողմէ Քիեւ զէնքներու մատակարարման մասին՝ ան նշած է.«Բոլորին պէտք է պարզ ըլլայ մէկ հանգամանք՝ որքան շատ հեռահար համակարգեր գան Ուքրանիա, այնքան մենք ստիպուած պիտի ըլլանք հեռացնել վտանգը մեր սահմաններէն»։

Անոր խօսքով՝ Արեւմուտքը մտադիր է տեղական հակամարտութիւնը տեղափոխել համաշխարհային առճակատման փուլ։

«Մարտի դաշտին վրայ անհնար է Ռուսիոյ յաղթել, հետեւաբար աւելի շատ տեղեկատուական յարձակումներ կ'իրականացուին: Անոնք անընդհատ կը ստեն, չեն դադրեցներ յարձակումները մեր մշակոյթի, Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ», -ըսած է Փութին:

Փութին հերթականօրէն մեղադրեց Արեւմուտքը, մասնաւորապէս, նշելով, որ Ուքրանիոյ պատերազմը ընթացք առած է Արեւմուտքի կողմէ ու այդ առումով ալ Փութին մասնաւորապէս ըսած է՝ «Մոսկուան պատրաստ էր կառուցողական երկխօսութեան Արեւմուտքի հետ, սակայն ի պատասխան ստացած է անորոշ կամ երեսպաշտ արձագանգ։ Անոնք սկսած են պատերազմը, իսկ մենք ուժ կը կիրառենք այն դադարեցնելու համար»: