image
Հրատապ լուրեր:

Մարդասիրական միջանցքներ եւ հնարաւոր ժամանակաւոր հրադադար

Մարդասիրական միջանցքներ եւ հնարաւոր ժամանակաւոր հրադադար

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի օգնական, ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին զգալի յառաջընթաց անուանած է բանակցութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքներով ուքրանական կողմի նհետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Մասնաւորապէս, կողմերը պայմանաւորուած են բնակչութեան համար մարդասիրական միջանցքներու շուրջ:

«Հիմնական խնդիրը, որ լուծուած է, մարդոց, խաղաղ բնակիչներու փրկութեան խնդիրն է, որոնք յայտնուած են մարտական բախումներու գօտին մէջ: Ուստի կողմերը` ՌԴ ՊՆ, Ուքրանիոյ ՊՆ ներկայացուցիչները, պայմանաւորուած են ձեւաչափի շուրջ` խաղաղ բնակչութեան ելքի համար մարդասիրական միջանցքներոգ պահպանման, ռազմական գործողութիւններու հնարաւոր ժամանակաւոր դադրեցման վերաբերեալ:  Կը կարծեմ` սա զգալի յառաջընթաց է», ըսած Մետինսքին:

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը քննարկած են հարցերու երեք խմբակ` ռազմական, միջազգային-մարդասիրական եւ հակամարտութեան ապագայ քաղաքական կարգաւորման հարցը: «Դիրքորոշումները միանգամայն յստակ են, անոնք կէտ առ կէտ գրուած են, մի քանի հատին համար մենք յաջողեցանք փոխըմբռնում գտնել», ըսաւ ան:

«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւս մէկ անգամ կոչ կ'ընէ այս իրավիճակին մէջ յայտնուած խաղաղ բնակիչներուն, եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին, օգտուելու այդ մարդասիրական միջանցքներէմ կամ ընելու հնարաւորը ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար»  եզրափակած է Մետինսքին: