image

Մաքրութիւն Ծիծեռնակաբերդի տարածքին

 Մաքրութիւն  Ծիծեռնակաբերդի տարածքին

Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան հետեւած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքի համայնքապատկան տարածքին մէջ մեկնարկած մաքրման աշխատանքներու ընթացքին: 

Ծիծեռնակաբերդի բարձունքի` համայնքին պատկանող 8.5 հա տարածքին գարնան կը նախատեսուի ծառատունկ կազմակերպել: Մինչ այդ, Երեւանի քաղաքապետին յանձնարարութեամբ համայնքապատկան հատուածին մէջ լայն թափով մաքրման աշխատանքներ մեկնարկած են: 2019-ին նախանշուած մասշտաբային նախագիծը գործնական փուլ մտած է այս տարի: