image

Մաքրոնը առայժմ իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած ընտրութիւններուն

Մաքրոնը առայժմ իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած ընտրութիւններուն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն առայժմ երկրորդ ժամկէտով իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած պետութեան ղեկավարի` Ապրիլին կայանալիք ընտրութիւններուն, քանի որ այս պահուն զբաղած Է միջազգային իրադրութեան կարգաւորմամբ: Այդ մասին յայտնած Է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Ժան Իվ Լը Տրիանը:

«Պետութեան ղեկավարը կը գերադասԷ բանակցութիւնները վարել որպէս Ֆրանսայի նախագահ, այլ ոչ թէ որպէս այդ պաշտօնի թեկնածու», նշած է նախարարը: Լը Տրիանի կարծիքով` «միջազգային իրադրութիւնը նախկինին պէս կը մնայ խիստ վտանգաւոր»: Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երկու փուլով` Ապրիլ 10-ին եւ 24-ին: Այս պահուն ընտրական մարաթոնին մասնակցելու մասին յայտարարած են 40-է աւելի թեկնածուներ: Մաքրոնը առայժմ չէ յայտնած իր ծրագրին մասին, թէեւ մինչեւ քուէարկութեան օրը մնած է 51 օր:

Ընտրարշաւը պիտի սկսի Մարտ 4-ին` թեկնածուների գրանցման աւարտով: