image

Մաքրոնին վերագրուած յայտարարութիւններուն պատճառով Ֆրանսայի դեսպանը կանչուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Մաքրոնին վերագրուած յայտարարութիւններուն պատճառով Ֆրանսայի դեսպանը կանչուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ

Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուաիոնը կանչուած է երկրի ԱԳՆ: Դեսպանէն խնդրած են պարզաբանումներ տալ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Մարսէյի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ վերջին հանդիպման եւ այդ հանդիպման Ֆրանսայի նախագահի որոշ տեսակէտներու վերաբերեալ մամուլի մէջ յայտնուած յայտարարութիւններու վերաբերեալ։

Մաքրոնին վերագրուած յայտարարութիւնը այն էր, որ վերջինս ըսած է, թէ «ինքն Ալիեւի վրայ աւելի շատ ճնշում գործադրած է, աւելի շատ ճնշում պիտի գործադրէ, քան ինքը՝ Փաշինեանը»։

Դեսպանին ըսուած է, որ «ֆրանսական կողմը պէտք է պարզաբանէ Մաքրոնի յայտարարութիւնները»։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն արձագանգած էր Մաքրոնի յայտարարութիւններուն, շեշտելով, որ Մաքրոնի «հակաատրպէյճանական հերթական կարծիքը, ուր ան միակողմանի կերպով կը պաշտպանէ Հայաստանը եւ չ՛արտացոլացներ ճշմարտութիւնը, անընդունելի է»։

«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու յայտարարութիւնները Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի երեւակայութեան արգասիքն են: Ատրպէյճանի նախագահին վրայ ճնշում գործադրելու փորձերը երբեք արդիւնք չեն տուած: Նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ ան գործիք է Ֆրանսայի հայկական լոպիին ձեռքը… Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եւ Ղարաբաղի տարածաշրջանը իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժան մաս ճանչնալու լոյսին տակ նախագահ Մաքրոնի նման կողմնակալ յայտարարութիւնները ոչ միայն կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ հանգստութեան հաստատման, այլ նաեւ թափ կու տան անջատողականութիւնը ու ահաբեկչութիւնը խրախուսողներու եւ աջակցողներու ապակառուցողական գործունէութեան հետագայ ընդլայնման», ըստ նշուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Նշենք, որ Մաքրոն հայ համայնքի հետ հանդիպման նաեւ ըսած էր. «Պիտի շարունակեմ ջանքերս, նոյնիսկ եթէ այս օրակարգով գրեթէ միակն եմ միջազգային ընտանիքին մէջ: Գիտէք նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսա զինուորական իր կցորդը ուղարկեց Հայաստանի իր դեսպանութեան կողքին, եւ ասիկա պէտք է որոշ բան նշանակէ, չէ՞: Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, առաւելագոյնը», շեշտած է ան:

Մաքրոն այս հաստատումները կատարեց՝ պատասխանելով հաւաքին ներկայ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի այն դիմումին, թէ Արցախի շրջափակման եւ Ատրպէյճանի շարունակուող բռնարարքներուն լոյսին տակ «ձեզմէ կ՛ակնկալենք առաւել ազդու նախաձեռնութիւն, գործնակա՛ն եւ ոչ միայն բարոյական»:

«Արցախի հարցով ես միակն եմ, որ յստակ կեցուածք եւ պատգամ ունիմ։ Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ», շեշտած է Մաքրոն: