image

Մաքրոն Ռուսիան խոհունութեան մղելու կոչ ըրաւ Փեքինին

Մաքրոն Ռուսիան խոհունութեան մղելու կոչ ըրաւ Փեքինին

Ապրիլ 6-ին Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինը Փեքինի մէջ հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, յայտնած է apnews.com-ը:

Մաքրոն հանդիպման ժամանակ Չինաստանի ղեկավարին, որ անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ արժանացած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ընդունելութեան, կոչ ըրած է «խելքի բերելու Ռուսիան» եւ օգնելու Ուքրանիոյ մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն։

«Ես գիտեմ, որ կրնամ յոյս դնել Ձեր վրայ՝ ... Ռուսիան խելքի բերելու եւ բոլորին բանակցային սեղանի շուրջ վերադարձնելու հարցերով: Մենք պէտք է կայուն խաղաղութիւն գտնենք: Կը կարծեմ, որ սա նաեւ կարեւոր խնդիր է Չինաստանի համար, ինչպէս որ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի համար է», -ըսած է Մաքրոնը Սիին:

Մաքրոն նաեւ նշած է, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը հարուած հասցուցած է կայունութեան` «վերջ դնելով Ուքրանիոյ մէջ տասնամեակներու խաղաղութեան»:

Սին չէ յիշատակած Ուքրանիան կամ Ռուսիան, բայց ըսած է, որ կ'ողջունէ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները: Ան նշած է, որ Փեքինը եւ Փարիզը «աշխարհի բազմաբեւեռացման հաստատակամ խթանողներն են»: