image
Հրատապ լուրեր:

Մաքրոն կը կորսնցնէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը

Մաքրոն կը կորսնցնէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը

Մաքրոնի համար շատ աւելի բարդ պիտի ըլլայ իրականացնել իր բարեփոխումները, ինչպիսիք են օրինակ` կենսաթոշակային տարիքի բարձրացումը, հարկերու կրճատումը եւ պետական նպաստներու համակարգի բարեփոխումը:

 

Ֆրանսայի մէջ կայացած է խորհրդարանական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: Ըստ նախնական տուեալներուն` նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի իշխող «Միասին» դաշինքը յաղթած է` ստանալով ձայներուն շուրջ 38,57 տոկոսը, այսինքն` 245 մանտաթ: Սակայն միեւնոյն ժամանակ Մաքրոնի դաշինքը կորսնցուցած է մեծամասնութիւնը: Խորհրդարանի Ստորին պալատի նկատմամբ վերահսկողութեան համար դաշինքը պէտք է ստանար 289 տեղ 577-էն:

Երկրորդ տեղը յայտնուած է Ժան-Լիւք Մելանշոնի գլխաւորած ձախակողմեան ուժերու դաշինքը` ստանալով ձայներուն 31,6 տոկոսը` 131 մանտաթ:

Երրորդ տեղը յայտնուած է Մարին Լը Փենի «Ազգային միութիւն» կուսակցութիւնը, որ հաւաքած է ձայներուն 17,3 տոկոսը եւ խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 89 մանտաթ:

Հանրապետականները հաւաքած են ձայներուն 6,98 տոկոսը:

Միեւնոյն ժամանակ Մաքրոնի խմբակցութիւնը ներկայացնող շատ պատգամաւորներ պարտուած են իրենց շրջաններուն մէջ: Ըստ BBC-ի ռուսական ծառայութեան` այս պատճառով Մաքրոնի համար շատ աւելի բարդ պիտի ըլլայ իրականացնել իր բարեփոխումները, ինչպիսիք են օրինակ` կենսաթոշակային տարիքի բարձրացումը, հարկերու կրճատումը եւ պետական նպաստներու համակարգի բարեփոխումը: