image

Մաքրոն կողմ է, որ Ուքրանիոյ թոյլ տրուի արեւմտեան զէնքերով հարուածել Ռուսական տարածքները

Մաքրոն կողմ է, որ Ուքրանիոյ թոյլ տրուի արեւմտեան զէնքերով հարուածել Ռուսական տարածքները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն աջակցած է, որ Քիեւին թոյլ տրուի արեւմտեան զէնքով հարուածել Ռուսիոյ Դաշնութեան տարածքին մէջ գտուող ռազմական կառոյցներուն։ Այս մասին ան յայտարարած է մայիս 28-ին Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին, որ հեռարձակուած է Էլիզեան պալատի` X-ի էջին:

«Մենք կը կարծենք, որ պէտք է թոյլ տանք անոնց չէզոքացնել այն ռազմական կառոյցները, ուրկէ հրթիռներ  կ՚արձակուին, եւ հիմնական այն ռազմական կառոյցները, ուրկէ յարձակումներ կը կատարուին Ուքրանիոյ վրայ։ Բայց անոնք պէտք չէ իրաւունք ունենան խոցելու Ռուսիոյ այլ թիրախներ՝ ակնյայտօրէն քաղաքացիական կամ այլ ռազմական թիրախներ»,- ընդգծած է ան։

Մաքրոնի խօսքով՝ Ուքրանիոյ հեռահար սպառազինութիւն մատակարարելը, որ ունակ է երկրի մէջ խոցել ռուսական ռազմական թիրախները, չի սրեր հակամարտութիւնը։

«Բայց ինչպէ՞ս կրնանք Ուքրանիոյ զէնք մատակարարել եւ ըսել, որ չես կրնար այն օգտագործել պաշտպանութեան համար: Ուքրանիոյ թոյլ տալ ոչնչացնել Ռուսիոյ Դաշնութեան տարածքին մէջ գտնուող ռազմական կառոյցները, ուր կ՚իրականացուի գնդակոծութիւն, սրացում չէ»,- ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը։

Մաքրոն հրաժարած է մեկնաբանել Ուքրանիոյ մէջ ֆրանսացի զինուորական հրահանգիչներու մասին տեղեկութիւնը։ Անոր խօսքով՝ այս հարցը Քիեւի մէջ պիտի քննարկուի յաջորդ շաբաթ։

«Մեր կարծիքով իրական խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։ Չեմ կարծեր, որ որեւէ մէկը լրջօրէն կը հաւատայ, որ զէնքով կարելի է խաղաղութիւն հաստատել։ Ուստի մենք հանդէս պիտի գանք բանակցութիւններու օգտին այն օրուընէ, երբ երկու կողմերը պատրաստ կ՚ըլլան այդ բանակցութիւնները վարելուն»,-ըսած է Ֆրանսայի ղեկավարը՝ պարզաբանելով, որ յարմար պահը դեռ չէ եկած։