image

Մաքրոն դարձեալ պիտի մասնակցի՞ ընտրութիւններուն

Մաքրոն դարձեալ պիտի մասնակցի՞ ընտրութիւններուն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ կը փափաքի մասնակցիլ Ապրիլին երկրին մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, բայց պաշտօնապէս իրեն թեկնածու չէ յայտարարած:

Ան Parisien թերթի ընթերցողներու հարցին այսպէս պատասխանած է. «Որեւէ անհիմն սպասում չկայ: Ես կը փափաքիմ: Երբ պայմաններ ըլլան, որոնք այդ թոյլ կու տան, եւ ես այդ հարցը անձամբ ինծի համար յստակ դարձնեմ, ես կ'ըսեմ: Այդ որոշումը կ'ամրապնդուի իմ ներսս: Ես պէտք է վստահ ըլլամ, որ կրնամ այդքան հեռու երթալ, ինչպէս կը փափաքիմ»: 

Ֆրանսայի նախագահի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարուան Ապրիլին: Նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու իրենց ցանկութեան մասին արդէն յայտարարած են աւելի քան երեք տասնեակ թեկնածուներ: