«Արեւելք»ի ընթերցողներէն շատեր գուցէ լսած են անունը Մանուէլիկին (Բուն անունով՝ Մանուէլ Մարգարեան)։
Պէյրութի թատերակեան կեանքի ոսկեայ օրերուն ճանապարհակիցն է Մանուէլ Մարգարեանը, որ շնորհիւ թատրոնի եւ թատերական կեանքի հանդէպ իր ունեցած մեծ սիրոյն, բարի համբաւին եւ քաղցր բնաւորութեան կարողացած է դառնալ հազարաւոր հայորդիներու սիրուած դերասանն ու փնտռուած կատակերգակը։
Եւ իրաւամբ շնորհիւ իր բարի ոգիին Մանուէլիկ կարողացած է ժպիտ մը «ցանել» բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք հաւատացած են բարութեան։
Կար ժամանակ, որ պէյրութահայ թատերական կեանքը, ոչ միայն աշխոյժ ու շէնշող էր այլ դարձած էր հանդիսավայրը իրական մշակութային կեանքի՝ եռուն եւ անուններ տուող իրական կեանքի։
Այսօր պայմանները նոյնը չեն։ Կան անշուշտ նորեր, որոնք կը շարունակեն անցեալի երթը, բայց եւ այնպէս մօտիկ անցեալի Պէյրութեան թատրոնը նահանջած է։
Այս բոլորէն անդին այսօր այս կարճ լուրով կը փորձենք կերպով մը արդարը գրել եւ արժէքաւորել բոլորիս կողմէ սիրուած Մանուէլիկը, որուն այցելութեան գացած է պէյրութահայ այլ կրթական մշակ ՝ Նազարէթ Ճէրէճեանը։
Ստորեւ Ճէրէճեանի այդ մասին ներկայացուած հակիրճ գրառումը՝
Ճէրէճեան կը գրէ՝
Այցելութիւն Վաստակաշատ Դերասանին
Կը յիշէ՞ք դերասան Մանուէլ Մարգարեանը։
Վերջին անգամ զինք տեսայ վեց տարի առաջ` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպութեամբ` իր եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանի պատուին տեղի ունեցած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին։
Մարտի 27-ի, «Թատրոնի Միջազգային Օրուան» առիթով, փափաքեցայ ուրախացնել գաղութիս մշակոյթի երբեմնի պարծանք` բեմի Վարպետին։ Ու բարձրացայ Պուրճ Համուտի կեդրոնը գտնուող իր բնակարանը` 3րդ յարկ։
«Ո՜վ է, ո՜վ է...»։
Երկաթէ եւ փայտեայ զոյգ դռներու կռնակէն հազիւ լսելի` «Մանուէլիկին» ծանօթ ձայնն էր...։ Այն ձայնը որով տասնեակ տարիներ հազարաւոր հանդիսականներու ելեկտրականացուցած էր, շաբաթներ կրկնուող "փիէս"ներու յաջորդականութեամբ` «ասեղ ձգելու տեղ չկայ»ի սրահներուն մէջ։ Չկար մէկը, որ չցանկար դիտել ներկայացումը երբ իմանար որ անոր գլխաւոր դերասաններէն մին Մանուէլ Մարգարեանն էր։ Թատերական ուսում չունէր ան, սակայն այնքա՜ն բնական ու հարազատ էր իր խաղարկութիւնը` մեր հայրենի արհեստավարժ վարպետները յիշեցնող։ Առանձինն կրնար ամբողջ "փիէս" մը փրկել, առաջնորդելով ապահով, ընդունելի վիճակի։
... Դժբախտաբար "թեքնիք" պատճառով իր բնակարանին երկաթէ դուռը փակ մնաց, ու Վարպետին հետ մօտ 10 վայրկեան ոտքի վրայ շեմքին զրուցեցի։ Մտադրութիւնս զինք ուրախացնել էր։ Կը հաւատամ որ, ճաղերուն ետեւէն հասայ նպատակիս։ Վկայ` Մանուէլին անկեղծ, աղօթքախառն բացականչութիւնները եւ խոժոռ դէմքին պայծառ ցոլքերու երեւումը։
Սիրելի Մանուէլ, դուն յաճախ զմեզ ուրախացուցած ես։ Կը խոնարհիմ լիբանահայութեան մշակոյթին մատուցած քու անջնջելի վաստակիդ դիմաց։
Տօնդ Շնորհաւոր։