image

ՄԱԿ-ը զգուշացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լայնածաւալ պատերազմի վտանգի մասին

ՄԱԿ-ը զգուշացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լայնածաւալ պատերազմի վտանգի մասին

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կոչ ըրած են միջազգային ջանքեր եւ ճնշում գործադրելու հակամարտող կողմերու վրայ՝ կանխելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարածաշրջանային մեծ պատերազմը: Անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ նիստ հրաւիրած էր՝ կապուած Իրանի մէջ «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան հետ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ քննադատած է իսրայէլեան բանակի յարձակումը Պէյրութի վրայ եւ Թեհրանի մէջ Հանիյէի սպանութիւնը։

«Հարաւային Պէյրութի եւ Թեհրանի մէջ յարձակումները կը վկայեն վտանգաւոր մագլցումի մասին այն ժամանակ, երբ բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած ըլլան Կազայի մէջ հրադադարի հաստատման եւ իսրայէլա-լիբանանեան սահմանին հանգստութիւն հաստատելուն»,-ըսած է ընդհանուր քարտուղարի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիքը։

Անոր խօսքով՝ Կութերեշ կոչ ըրած է շահագրգիռ կողմերուն՝ «եռանդուն աշխատելու տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման ուղղութեամբ՝ բոլորի համար ապահովելու երկարաժամկէտ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն»։