Երաշտը 1998-էն 2017 թուականներուն արդէն հասցուցած է առնուազն 124 միլիառ տոլարի տնտեսական վնաս եւ վնասած է աւելի քան 1,5 միլիառ մարդու, ըսած են ՄԱԿ-ի մէջ` աւելցնելով, որ նոյնիսկ այդ թիւերը «հաւանաբար շատ թերագնահատուած են»:
Ներկայիս համաշխարհային տաքացումը սրած է երաշտը Հարաւային Եւրոպայի մէջ եւ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ: Եթէ աշխարհը չգործէ, զոհերու թիւը կրնայ «կտրուկ բարձրանալ»: Մօտ 130 երկիր կրնայ երաշտի աւելի մեծ վտանգի առաջ կանգնիլ արդէն այս դարուն: