Ռուսաստանը արգելափակած է Ուքրանիոյ մէջ ՌԴ-ի յատուկ գործողութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւին նախագիծը` օգտուելով վեթոյի իրաւունքէն:
Արտահերթ նիստի ժամանակ ՄԱԿ-ի մէջ ՌԴ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզեան նշած է, որ լաւ պիտի ըլլար նախագիծին մէջ ներառել ուքրանական ճգնաժամի ուռճացման գործին մէջ արեւմտեան գործընկերներու դերին անկեղծ գնահատականը: Անոր խօսքով` արեւմտեան գործընկերները Քիեւին «քարտ պլանշ» տուած են որեւէ գործոութեան ու քայլի համար:
Բանաձեւի նախագիծի օգտին քուէարկած է ԱԽ 15 անդամներէն 11-ը: Ձեռնպահ մնացած են Չինաստանը, Հնդկաստանը եւ ԱՄԷ-ն: Փաստաթուղթին հեղինակներն են ԱՄՆ-ն ու Ալպանիան, որոնք կը պահանջեն Ուքրանիոյ ապառազմականացման ռուսական գործողութեան դադրեցում: Փաստաթուղթին մէջ կը դատապարտուի նաեւ ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութիւններու անկախութեան ճանաչումը ՌԴ-ի կողմէ:
Նեպենզեան նած է, որ Ուքրանիոյ ապառազմականացման եւ ապազգայնացման յանձնարարութիւնները մօտ են աւարտին: Ան ընդգծած է, որ Ռուսաստանը պատերազմ չի վարեր Ուքրանիոյ եւ ուքրանացի ժողովուրդին դէմ, այլ յատուկ ռազմական գործողութիւն` ընդդէմ ազգայնականներու, Տոնպասի բնակիչներու պաշտպանութեան համար: