image

Մահմուտ Ապպաս երեքշաբթի Թուրքիա կը հասնի

Մահմուտ Ապպաս երեքշաբթի Թուրքիա կը հասնի

Պաղեստինի նախագահ՝ Մահմուտ Ապպաս երեքշաբթի օր պիտի այցելէ Թուքիա։

Այս մասին յայտարարած է Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Ալ Մալիքի Անթալիոյ մէջ 3-րդ դիւանագիտական ֆորումի ժամանակ:

Ռիատ Ալ Մալիքի եւրոպական երկիրներուն կոչ ըրած է ճանչնալու Պաղեստին պետութիւնը։

«Եւրոպական երկիրները պէտք է նախաձեռնեն, եւ այս նախաձեռնութիւնը կրնայ սկսիլ Պաղեստին պետութեան ճանաչումով»,- ըսած է ան։

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը կոչ ըրած է իսլամական երկիրներուն եւ միջազգային հանրութեան յստակ եւ վստահ դիրքորոշում ցուցաբերելու Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ իրավիճակի վերաբերեալ։ «Մենք պէտք է դադրեցնենք Իսրայէլի դարաւոր ջանքերը` փոխելու սթաթուս քուօն»,- ընդգծած է նախարարը:

Ալ Մալիքի ընդգծած է, որ Կազան պէտք է շարունակէ կառավարուիլ  պաղեստինցիներու կողմէ։

«Միակ լիազօրուած եւ օրինական վարչակազմը, որ այսուհետեւ պիտի գործէ Կազայի մէջ, Պաղեստինի ինքնավարութիւնն է: Կազայի մէջ պիտի լինի Պաղեստինի Ինքնավարութիւն, ինչպէս Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ»,- ըսած է նախարարը: