image

«Մահիկը խաչին վրայ...» Իտալացի լրագրող Խուլիօ Մէօթթի ահազանգ կը հնչեցնէ

«Մահիկը խաչին վրայ...» Իտալացի լրագրող Խուլիօ Մէօթթի ահազանգ կը հնչեցնէ

«Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան, ՆԱԹՕ-ն եւ ազատ աշխարհը պէտք է մտահոգուին, որովհետեւ Էրտողան նոր իսլամ գայլն է, գառնուկի տարազով»: Այս մասին իր, «Էրտողանիստան: Իսլամական նոր գերտէրութիւն» վերնագիրը  կրող  յօդուածին մէջ գրած է իտալացի լրագրող՝ Ճուլիո Մէոթթի, որ տարիներէ ի վեր կը զգուշացնէ թէ իսլամները կը փորձեն տիրել Եւրոպային:

Մէոթթի  անցեալ հոկտեմբերին յօդուածով մը անդրադարձած է  նաեւ Ղարաբաղեան պատերազմին եւ գրած, թէ «հայերը այդ փոքր ժողովուրդը ցուցաբերած է մեծ քաջութիւն բոլորովին մինակ կռուելով իսլամութիւնը ներկայացնող երկիրներուն դէմ, մինչ Եւրոպան քնացած է»:

Ճուլիո Մէոթթի վերջերս գիրք մը հրատարակած է իտալերէն լեզուով՝ «Մահիկը խաչին վրայ: Էրտողանի իսլամութիւնը, Հայաստանը եւ Եւրոպան» խորագիրով:

Ինչպէս «AMAZON» կը բնութագրէ գիրքը, ան անդրադարձած է Էրտողանի յայտարարութիւններուն, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը կրկին իսլամին գիրկը վերադարձաւ, եւ ան կը վերականգնէ իր տեղը կիսալուսնին տակ»: Մինչդեռ հայկական կողմը կային, հայկական մշակոյթի օրրանը, մարդիկ, որոնք առաջին անգամ ընդունած են քրիստոնէութիւնը 301-ին եւ որոնք ջարդուած են թուրքերու կողմէն 1915-ին, եւ այսօր կրկին մատնուած  են նոր արտագաղթի:

Ան գրքին մէջ նաեւ գրած է թէ Էրտողան քանի մը ամիսներ առաջ Այա Սոֆիան վերածած է մզկիթի: Իսկ այժմ Թուրքիան կը ծրագրէ կառուցել մզկիթներ Եւրոպայի մէջ, որովհետեւ «Եթէ Աստուած կամենայ, Եւրոպան պիտի իսլամանայ» ըսած են Էրտողանի կուսակցութեան առաջնորդները: Ան կը ներկայացնէ Էրտողանը, որպէս սպառնալիք, որուն նկատմամբ հին ցամաքամասը անտարբեր է կարծես, եթէ ոչ մեղսակից անոր: