image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ եւս է Արցախցի հանրայայտ բանաստեղծ՝ Վարդան Յակոբեան

Ոչ եւս է Արցախցի  հանրայայտ բանաստեղծ՝ Վարդան Յակոբեան

Արցախէն տեղեկացանք, որ մահացած է  բանաստեղծ, թատերագիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ,  Արցախի Հանրապետութեան պետական օրհներգի հեղինակ Վարդան Յակոբեան: 

Վարդան Յակոբեան (իսկական անունը՝ Սլաւիկ), ծնած է 1948 թուականին՝ Հադրութի շրջանի Արփագետիկ գիւղը: Ան Վարդան անունով կնքուած է Յովհաննէս Շիրազի կողմէ: 

Յաճախած է հայրենի գիւղի եօթամեայ, Պաքուի թիւ 152 եւ հայրենի շրջանի Հին Թաղերու միջնակարգ դպրոցները: Բանաստեղծութիւններ սկսած է գրել տասնմէկ տարեկան հասակին: Դպրոցական տարիներուն զբաղած է նաեւ գեղանկարչութեամբ: «Եղնիկն ու լիճը» գեղանկարի համար ստեղծագործող դպրոցականներու մարզային ողիմպիատային ստացած է առաջին մրցանակ: 1969 թուականին աւարտած է Պաքուի մանկավարժական հիմնարկը եւ աշխատանքի անցած Ստեփանակերտ` «Սովետական Ղարաբաղ» թերթի մշակոյթի բաժինը, նախ որպէս գրական աշխատող, ապա` բաժնի վարիչ, այնուհետեւ` խմբագրի տեղակալ: 1983 թուականէն աշխատած է Արցախի գրողներու միութեան մէջ` որպէս կազմակերպութեան ղեկավար: Վարդան անունը կնքած է Յովհաննէս Շիրազ: Հիմնադրած եւ խմբագրած է «Արցախ» հանդէսը, «Եղիցի լոյս» «Պըլը Պուղի» «Յարութիւն» «Նարեկ» պարբերականներն ու «Արցախ» հրատարակչութիւնը: Հեղինակած է բանաստեղծական, գրականագիտական եւ մշակութաբանական բազմաթիւ ժողովածոներ, ստեղծագործութիւնները տպագրուած են Երեւան, Ստեփանակերտ, Մոսկուա եւ Պաքու: Հեղինակած է շարք մը փիէսներ` «Հայելիներ», «Քո սէրը քո տունն է», «Ես հրաժարւում եմ ինձանից», «Արցախեան պալլատ» եւ այլն, որոնք բեմադրուած են ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ Հայաստանի պետական եւ ժողովրդական թատրոններուն: Ստեղծագործութիւնները տպագրուած են ռուսերէն, ուքրաներէն, վրացերէն, անգլերէն եւ այլ լեզուներով:

1998 թուականին, ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան (1998-էն՝ փրոֆեսոր): Արժանացած է Հայաստանի գրողներու միութեան «Գրական թերթի», Ա. Իսահակեանի անուան, ՀՀ նախագահի, ինչպէս նաեւ համահայկական «Վահագն» մրցանակներուն: 1982 թուականէն Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ է: Պարգեւատրուած է Արցախի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, «Վաչագան Բարեպաշտ», «Երախտագիտութիւն` Արցախի քաջորդիներին», Ֆ.Նանսենի, Գարեգին Նժդեհի, Մ.Շոլոխովի, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետալներով: 2005 թուականին արժանացած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչման: