Կեանքէ հեռացած է Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոն»ի երկարամեայ աշխատակից Սամուէլ Յարութիւնեանը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է թատրոնը:
«Ցաւով տեղեկացանք, որ կեանքից հեռացել է դրամատիկական թատրոնի երկարամեայ աշխատակից, ռեժիսորի օգնական, դերասան, թատրոնի նուիրեալ Սամուէլ Յարութիւնեանը։
Մեր ցաւակցութիւններն ենք յայտնում Սամուէլի ընտանիքին եւ հարազատներին։
Ննջիր խաղաղութեամբ, մեր սիրելի Սամուէլ»,- յայտնած է թատրոնը։
Սամուէլ Յարութիւնեանը Թատերական ինստիտուտը աւարտած էր 1994 թուականին։ 2008 թուականէն սկսած էր Դրամատիկական թատրոնի մէջ գործունէութիւն ծաւալել: