image

Մահացած է հայրենի դերասան՝ Սամուէլ Յարութիւնեան

 Մահացած է հայրենի դերասան՝  Սամուէլ Յարութիւնեան

Կեանքէ հեռացած է Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոն»ի երկարամեայ աշխատակից Սամուէլ Յարութիւնեանը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է թատրոնը:

«Ցաւով տեղեկացանք, որ կեանքից հեռացել է դրամատիկական թատրոնի երկարամեայ աշխատակից, ռեժիսորի օգնական, դերասան, թատրոնի նուիրեալ Սամուէլ Յարութիւնեանը։

Մեր ցաւակցութիւններն ենք յայտնում Սամուէլի ընտանիքին եւ հարազատներին։

Ննջիր խաղաղութեամբ, մեր սիրելի Սամուէլ»,- յայտնած է թատրոնը։

Սամուէլ Յարութիւնեանը Թատերական ինստիտուտը աւարտած էր 1994 թուականին։ 2008 թուականէն սկսած էր Դրամատիկական թատրոնի մէջ գործունէութիւն ծաւալել: