image

Մահացած է հալէպահայ տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Լիզա Կոստանեան

Մահացած է հալէպահայ   տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Լիզա  Կոստանեան

Օրերս  իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ  տաղանդաւոր դաշնակարուհի Լիզա Կոստանեան: 

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:

Լիզա Կոստանեան առաջին դաշնակարուհին էր, որ Հալէպի մէջ կատարած էր Լուտուիկ Վան Պեթհովէնի թիւ 1 համանուագը:

Նշենք, որ Սուրիացի երաժիշտները սգած են տաղանդաւոր դաշնակարուհիի մահը, որուն աշակերտած են սերունդներ, անդրադառնալով հանգուցեալի կեանքին ու բեղուն գործունէութեան:   

Այս  մասին նաեւ գրառում ըրած է դիմատետրեան իր էջին երաժշտութեան եւ դաշնակի փորձառու ուսուցչուհի՝ Կարինէ Տէր Գէորգեան, ուր մասնաւորապէս գրած՝

«Սիրելի Լիզա,

Դիմատետրէն իմացայ անակնկալ մահուանդ գոյժը, հաստատելու համար հեռաձայնեցի Երեւան, Զօհրապ եւ Նուէր Քասիսներուն, եւ... իրաւ էր։Գործակիցներ էինք երկար տարիներ Հալէպի արաբական պետական երաժշտանոցը։ Ու հիմա երբ արդէն չկաս, գրութիւններուս միջէն հանեցի «Հալէպի Պետական արաբական երաժշտանոցի հայ ուսուցիչները» յօդուածը եւ քու բաժինն ուզեցի տեղադրել։ Երազներդ շատ էին, որքանո՞վ իրականացան անոնք, շտապեցիր։ Կարդայ քու մասին...

Լիզա Կոստանեան-ԵրէցեանԾնած է Հալէպ 1955-ին։ Դուստրն է երաժիշտ Յովհաննէս Կոստանեանի։ Տան մէջ տիրող երաժշտական մթնոլորտը արթնցուցած է աղջնակի սէրը երաժշտութեան նկատմամբ։ Սկսած է դաշնամուրի դասերու հետեւիլ Ըրնըսթ Շուհայի մօտ, ապա ընդունուած է պետական երաժշտանոց։ Աւարտած է գերազանց, ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է կատարելագործուելու նոյն երաժշտանոցին մէջ  Երէցեան եղած է հօր՝ Յովհաննէս  Կոստանեանի կազմած սիմֆոնիկ նուագախումբի դաշնակահարուհին՝ յաջորդաբար նուագակցելով «Անուշ» օփերային, «Կռունկ» երգչախումբի համերգներուն, «Մեծ հարսանիք» օփերեթին եւ բազմաթիւ այլ համերգներու։ 1976-էն ի վեր սկսած է դասաւանդել պետական երաժշտանոց։ 1979-ին նուագակցած է ջութակահար Նեպիլ Ռէյէսի մենահամերգին Հալէպ, որ կրկնուած է Դամասկոսի մէջ եւ ցուցադրուած սուրիական հեռատեսիլով։ Յանձին Լիզայի, Հալէպի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հնչած է Պեթհովէնի դաշնամուրային առաջին համանուագը (concerto) նուագախումբով՝ ղեկավարութեամբ՝ Յովհաննէս Կոստանեանի։Որպէս մենակատար եւ ընկերակցող հանդէս եկած է տարբեր միութենական ձեռնարկներու ընթացքին։»