image

Մահացած է ազամարտիկ, ազգային երգերու մեկնաբան՝ Մակիչը (Մկրտիչ Մկրտչեան)

Մահացած է ազամարտիկ, ազգային երգերու մեկնաբան՝ Մակիչը (Մկրտիչ Մկրտչեան)

Մահացած է ազատամարտիկ, ազգային-յեղափոխական երգեր կատարող, դաշնակցական Մկրտիչ Մկրտչեան (Մակիչ):

Մկրտիչ Մկրտչեան ծնած է  24 ապրիլ, 1962-ին Թալինի շրջանի Ներքին Սասնաշէն գիւղը:

Մասնակցած է արցախեան 3 պատերազմներուն։ 2 հոկտեմբեր, 2020-ին Մատաղիսի մէջ ծանր վիրաւորուած է:

Մկրտիչ Մկրտչեան ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ էր, պարգեւատրուած է ԼՂՀ «Արիութիւն» եւ ՀՀ «Մարտական ծառայութեան համար» մետալներով:

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը տեղեկացուցած է, որ Մկրտիչ Մկրտչեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 5 նոյեմբերին, ժամը 18:00-ին Կոնդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցի, յուղարկաւորութիւնը՝ 6 նոյեմբերին, ժամը 14։00-ին «Եռաբլուր» պանթէոն: