image

Մահացած է աշխարհահռչակ հայ բժիշկ Ռէյմոնտ Տամատեանը. Անցեալ տարի ան Երեւան այցելած էր

Մահացած է աշխարհահռչակ  հայ բժիշկ  Ռէյմոնտ Տամատեանը. Անցեալ  տարի  ան Երեւան այցելած էր

 

Կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ բժիշկ, գիտնական, գիւտարար,  «Էմ.Ար.Այ.» բժշկական ախտաճանաչման սարքի հեղինակ Ռէյմոնտ Վահան Տամատեանը:

Ռէյմոնտ Տամատեան ծնած է 1936-ին, Միացեալ Նահանգներ։ 1956-ին Մետիսընի Ուիսքոնսինի բժշկական համալսարանին մէջ ստացած է ուսողութեան պաքալաւրի գիտական աստիճան։ Հետագային, 1960-ին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Ալպերթ Էյնշթէյնի անուան բժշկական քոլեճէն ստացած է դոկտորի գիտական աստիճան։

Ան յայտնագործած է «Էմ.Ար.Այ.» բժշկական ախտաճանաչման սարքը, որ հնարաւորութիւն կու տայ զննել ներքին օրկանները՝ առանց վիրահատական միջամտութեան։

«Անոր գիւտը յեղափոխական նշանակութիւն ունեցաւ բժշկութեան ասպարէզին մէջ, որու շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ զննել ներքին օրկաններն առանց վիրահատական միջամտութեան։

Ժամանակակից առողջապահութիւնը` ախտորոշումէն մինչեւ բուժում, դժուար է պատկերացնել առանց Տամատեանի  յայտնագործութեան:

Խաղաղութիւ՛ն հոգւոյդ, յարգարժան դոկտոր...»,- գրած է առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը։