image

Լուծումները միայն Ռուսիոյ օգնութեամբ. Ղազախ Առաջնորդ՝ Թոքայեւ գովասանական խօսքեր հնչեցուց Մոսկուայի հասցէին

Լուծումները միայն Ռուսիոյ օգնութեամբ. Ղազախ Առաջնորդ՝  Թոքայեւ գովասանական խօսքեր հնչեցուց Մոսկուայի հասցէին

Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւնները միջազգային մեծ նշանակութիւն պիտի ունենան, քանի որ ոչ մէկ համաշխարհային խնդիր կրնայ լուծուիլ առանց Մոսկուայի մասնակցութեան, ըսած է Ղազախստանի ղեկավար Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը «Ինքնիշխան Ղազախստան»ազգային թերթին տված հարցազրույցում։ 

Կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

«Մենք պէտք է հասկնանք, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը չափազանց կարեւոր դեր կը խաղայ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ եւ ունի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամի կարգավիճակ։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը առաջնորդ է, որ իր խօսքերով եւ գործողութիւններով էապէս կը ձեւաւորէ համաշխարհային օրակարգը: Ամբողջ աշխարհի մէջ հաշուի կ՚առնուին Ռուսիոյ կարծիքը, առանց այդ պետութեան մասնակցութեան ոչ մէկ համաշխարհային խնդիր կրնայ լուծուիլ, եւ այդ փաստ է»,-ըսած է Թոքաեւը:

Ղազախստանի նախագահի խօսքով, գալիք տարին նշանակալից պիտի ըլլայ շատ երկիրներու համար. Ռուսիայէն բացի, նախընտրական քարոզարշաւներ պիտի կայանան Միացեալ Նահանգներու, Ատրպէյճանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Հնդկաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, տեղի պիտի ունենան Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններ։ 

Սակայն Ռուսիոյ մէջ ընտրութիւնները յատկապէս հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Ղազախստանի համար՝ Աստանայի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի պատճառով, ընդգծած է Թոքաեւը։