Պոլսոյ «Հրանդ Տինք հիմնարկ»ի շաբաթը աշխուժ եղած է։ Օրերս, շուէտացի եւ թուրք բնապահպաններ Կրեթա Թունպերկ եւ Աթլաս Սարրաֆօղլու այցելած են «Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայր. 23.5», եւ զրոյց ունեցած կլիմայական հարցերու, մարդու իրաւունքի եւ այլ հարցերու շուրջ։Նաեւ հիմնարկի հաւաքասրահին մէջ տրուած է համերգ՝ հայ եւ թուրք երաժիշտներու կողմէ, փաստելու համար որ ժողովրդական երաժշտութիւնը եւ ընդհանրապէս երաժշտութիւնը սահմաններ չե՛ն ճանչնար։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Շուէտացի եւ թուրք բնապահպաններ Կրեթա Թունպերկ եւ Աթլաս Սարրաֆօղլու երէկ այցելեցին «Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայր. 23.5»։ Հիւրերը հանդիպում մը ունեցան Հրանդ Տինքի այրիի՝ Ռաքէլ Տինքի եւ հիմնարկի աշխատակիցներուն հետ։ Զրոյցը կեդրոնացաւ կլիմայական հարցերու շուրջ արշաւներու, մարդու իրաւունքի ու ընկերային արդարութեան համար պայքարի համերաշխութեան եւ այլ հարցերու շուրջ։
Երէկ, 27 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամերուն, հիմնարկի հաւաքասրահին մէջ սարքուեցաւ համերգ մը։ Բեմը բաժնեցին հայ եւ թուրք երաժիշտներ, փաստելու համար որ ժողովրդական երաժշտութիւնը եւ ընդհանրապէս երաժշտութիւնը սահմաններ չե՛ն ճանչնար, իսկ հայկական ու թրքական ժողովրդական երաժշտութիւնները բազմաթիւ հասարակաց ապրումներ ունին իրենց մէջ։
Հայաստանէն ժամանած արուեստագէտներն էին՝ Լուսինէ Նազարեան (մենակատարուհի, Նուպար խումբի հիմնադիր), Աննա Յովհաննիսեան (պլուլ), մեր համայնքէն՝ Արի Պարութօղլու (կիթառ), Այշենուր Քոլիվար (մենակատար), Թահսին Թերզի (քամանչա), Հիքմէթ Աքչիչէք (հեմշիներէնով մենակատար), Փիյա Էօզչելիք (հարուածային գործիքներ) եւ Սելտա Էօզթիւրք (պենտիր)։