Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ ապրիլ 24-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը եղած են հանրահաւաքներ, այդ շարքին՝ Պեւըրլի Հիլզի մէջ թրքական հիւպատոսութեան դիմաց:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է ABC7 Eyewitness News-ը:
«Հանրահաւաք՝ յանուն մեր ապագայի»-ն կազմակերպած է Հայկական երիտասարդական ֆետերացիան: «Փողոց դուրս եկած բոլոր հայերը եւ ոչ հայերը տեսնելն ինծի յոյս կու տայ»,-ըսած է Հայկական երիտասարդական ֆետերացիայէն Նարեկ Գույումճեանը։
Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելըսի եւ Կլենտէյլի Միացեալ դպրոցական շրջաններու մէջ դպրոցներ փակուած են՝ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Միջոցառման կազմակերպիչները նշած են, որ այս հաւաքը կարեւոր է երիտասարդ սերունդներու համար՝ գիտակցելու իրենց նախնիներու տոկունութիւնը եւ երբեք չմոռնալու այն:
«1915 թուականին մէկուկէս միլիոն հայ զոհուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան ձեռքով։ Մենք թրքական հիւպատոսութեան առջեւ ենք, քանի որ թրքական կառավարութիւնն, ի տարբերութիւն ամերիկեան կառավարութեան եւ աշխարհի 30 կառավարութիւններու, դեռ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,-ըսած է Գույումճեանը։