Լիբանանի մեծ սուրբերէն համարուող Սուրբ Շարպէլը («Ըտիս Շարպէլ», ծնունդ ՝ 8 Մայիս, 1828 ին եւ մահ՝ – 24 Դեկտեմբեր, 1898-ին) կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն։
«Արեւելք»ի Պէյրութի թղթակիցին հաղորդմամբ հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր տագնապին հարիւրաւոր քաղաքացիներ կը շարունակեն փութալ դէպի Մեծ Սուրբին ծննդավայրը՝ Աննայա աւան կատարելու իրենց ուխտը եւ այդտեղ այցելելով հոգեկան լիցք ստանալու։
Ուշագրաւն այն է, որ դժուարին գործերու կատարող համարուող եւ հիւանդներու բուժում պարգեւող այս Սուրբը յարգանքի եւ սիրոյ արժանի դարձած է ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլ նաեւ երկրի իսլամ քաղաքացիներուն համար։
Սուրբ Շարպէլ 1960-ականներէն սկսեալ (Ան սրբադասուած է 1977 թուականին) քրիստոնէական մեծ հաւատքի եւ սրբալուռ վարքի խորհրդանիշ հանդիսացած Մարոնի եկեղեցւոյ ուժեղագոյն սուրբերէն կը համարուի։
Անոր բարեխօսութեամբ ոտքի ելած ու քալած են տասնեակ անդամալոյծեր, հիւանդներ ու անկարներ. Տակաւին կը պատմուի, որ շատ մը հիւանդներ այցելելէ ետք անոր սրբալոյս շիրիմը իրենց ձեռքերուն եղած գաւազանները թողած են այդտեղ ու բնականոն քայլերով հեռացած այդ սուրբ բլուրէն։
1800 -ականներէն ի վեր կրօնական մեծ փայլ ապրած Մարոնի եկեղեցին վերանորոգուեցաւ Սուրբ Շարպէլով եւ ան դարձաւ արահետ եւ նոր ուղի բոլոր այն կրօնաւորներուն, որոնք ուզեցին իր ճամբով քալել, խաչն ու աղօթքը դարձնելով ամենօրեայ մաս իրենց ապրումէն ու այդ խոհերով ու խոկումներով դառնալով իրական պահակները Մերձաւոր Արեւելքի ողջ քրիստոնէական աշխարհին։
Ի դէպ բոլորին սուրբ համարուող «Ըտիս Շարպէլ»ի ծննդավար՝ Անայա աւանը ինչպէս շատ շատերուն, նոյնպէս ալ ուխտատեղի է մեծ թիւով լիբանանահայերուն։