Լիբանանեան «Պար ըլիաս» շրջանին մէջ տեղի ունեցած է զինեալ միջադէպ մը, որուն հետեւանքով ալ գրանցուած են տուժածներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։ Ըստ այդ աղբիւրներուն անծանօթ տղամարդ մը կանգնած է Պար Իլիասի մզկիթին մօտ եւ կրակ բացած է Ուրբաթօրեայ աղօթքին ետք մզկիթէն դուրս եկող հաւատացեալներուն ուղղութեամբ։
Կրակոցին հետեւանքով զոհուած է 1 անձ եւ գրանցուած են 4 վիրաւորներ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ մզկիթը կը պատկանէր Լիբանանի Սիւննի համայնքին, իսկ ձերբակալուած երիտասարդը այդ շրջան հասած էր Պէյրութէն եւ աւելի վաղ վէճ ունեցած էր Մզկիթի իմամին հետ։
فيديو لوصول سيارات الإسعاف، وقوات الأمن تطوّق موقع إطلاق النار على المصلين أثناء خروجهم من مسجد #برالياس#لبنان pic.twitter.com/8asClIK7GO
— عربي بوست (@arabic_post) July 7, 2023