image

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը տարհանման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ ներկայիս

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը տարհանման անհրաժեշտութիւն չի տեսներ ներկայիս

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան «Արմենփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք` վիրաւորներուն ու զոհերուն մէջ հայեր չկան: Լիբանանի հայաբնակ շրջանները այս պահուն անմիջականօրէն վտանգուած չեն, ուստի ներկայիս տարհանում կազմակերպելու կարիք չկայ:

Դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը մնայուն կապի մէջ է երկրի իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ, ըստ անհրաժեշտութեան, համայնքային կառոյցներուն հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու խնդիրներու` իր իրաւասութիւններու շրջագիծին մէջ պատշաճ հասցէագրման նպատակով:

30 սեպտեմբերին կատարուած զրոյցին ընթացքին դեսպանը դիտել տուաւ, որ ընդհանուր առմամբ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններ մինչեւ տուեալ օրը իրենց քաղաքացիները չէ տարհանած. բոլոր երկիրները` որպէս կանոն, կը յորդորեն իրենց քաղաքացիները լքել երկիրը` օգտուելով օդանաւային ընթացիկ թռիչքներէն:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ օրէնքի պայմաններու մէջ, հիւպատոսական ծառայութիւնը կը գործէ ամբողջ ծանրաբեռնուածութեամբ` սպասարկելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիներու կարիքները, կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան թէժ գիծը: Ան նշեց, որ դեսպանութիւն դիմած Հայաստանի Հանրապետութեան  այն քաղաքացիները, որոնց անձնագիրը չէ վաւերացուած, վերադարձի վկայական կը տրուի անվճար:

«Օգտուելով առիթէն` անգամ մը եւս կը յորդորենք Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիները ժամանակաւորապէս խուսափիլ Լիբանան այցելութիւններէն, եթէ խիստ անհրաժեշտութիւն չկայ», նշեց Աթաբեկեան:

Խօսելով լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանին  վրայ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահներու կազմին մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան  զօրախումբին մասին` դեսպանը ըսաւ, որ անոնց հետ դեսպանութեան եւ ռազմական կցորդի կապը պարբերական է, դուրս են թիրախաւորման գօտիներէն եւ իրենց առաքելութիւնը կ՛իրականացնեն ապահով պայմաններու մէջ: